SlideShare a Scribd company logo
1 of 20
Download to read offline
Ամերիկացի գոնկրէսա-
կան Ատամ Շիֆ շնորհակա-
լ ութիւն յա յտնեց Հռոմի
Ֆրանչիսկոս Պապին՝ Վա-
տիկանի պատարագին ըն-
թացքին Ցեղասպանութիւն
բառեզրը գործածելուն հա-
մ ար : «Շ նո րհ ակ ալ եմ, որ
Հայոց Ցեղասպանութիւնը
ճանչցաք որպէս 20-րդ դա-
րու առաջին Ցեղասպանու-
թիւն: Թող ձեր խօսքը ճշմարտութիւնը արթնցնէ նաեւ այլոց
մէջ», գրեց Շիֆ:
A X G A | I N % M < A K O U J A | I N : U F A S A R A K A K A N < A B A J A J : R J
LX& TARI JIU 1982 :RKOU<ABJI% 20 APRIL 2015
• VOL. XXXVI, NO 1982 • LUNDI, 20 AVRIL 2015 • MONDAY, APRIL 20, 2015
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ
ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ
ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ
ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ՀԱՅՈՑ
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Կիրակի, 24 Ապրիլը պատմութեան մէջ
պիտի արձանագրուի Հայոց Ցեղասպա-
նութեան համաշխարհային ճանաչման
նախընթաց չունեցող տարողութեամբ տա-
րածման յախուռն քայլ մը: Մասնակ-
ցութեամբ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի,
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի,
եւ Սրբազան Պապի հետ համապատարագ
մատուցող Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Ներ-
սէս Պետրոս ԺԹ Թարմունիի, Վատիկանի
Ս. Պետրոս Պազիլիքին մէջ եւ դուրսի հրա-
պարակը լեցնող հարիւր հազարաւոր մի-
ջազգային ժողովուրդը խանդավառ ծափա-
հարութիւններով ողջունեց Ֆրանչիսկոս
Սրբազան Պապի պատգամը, ուր Քրիս-
տոնեայ հաւատքի աշխարհի խոշորագոյն
առաջնորդը, ողջունելէ ետք ներկայութիւնը
հայ հովուապետերու եւ Հայաստանի Հան-
րապետութեան Նախագահ Սերժ Սար-
գըսեանի, կը մատնանշէր թէ վերջին մէկ
դարու ընթացքին աշխարհ ականատես
կ’ըլլար երեք զանգուածային աղէտներու.
Առաջին՝ հայոց սպանդը որ ճանչցուեցաւ
որպէս 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանու-
թիւնը, յետոյ՝ Նացիզմի եւ ապա Ստալին-
եան ոճիրները, ու կ’աւելցնէր թէ մարդ-
կութեան դէմ կատարուող ոճիրի մը անտե-
սումը կը նմանի արիւնող վէրքի մը, որ չէ
կապուած եւ թոյլ կը տրուի արիւնահո-
սութեան շարունակման: Սրբազան Պապը
յայտնեց, թէ այսօր կ’ապրինք արտասովոր
ցեղասպանութեան մը մթնոլորտին մէջ,
համաշխարհային Երրորդ Պատերազմ մը,
որ հանգրուանային է, եւ որու նկատմամբ
կը տիրէ համատարած հաւաքական ան-
փութութիւն մը: Անդրադառնալով Հայաս-
տանի, որպէս առաջին Քրիստոնեայ ազգը
եւ Հայոց Ցեղասպանութեան, Սրբազան
Պապը ներկայ հանրութեան պարտականու-
թիւնը նկատեց՝ յիշատակել այն անմեղ
երախաները, կիները, մարդիկն ու եկեղե-
ցականները որոնք սպաննուեցան ան-
գութօրէն:
Սրբազան Պապին յաջորդեց Գարեգին Բ.
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որ իր քա-
րոզին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց
Սրբազան պապին՝ հայ եկեղեցւոյ հանդէպ
իր անցեալէն մինչեւ ներկան արդարութեան
քաջարի դիրքորոշման, ինչպէս նաեւ Ս.
Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերային Վարդա-
պետի հռչակման համար եւ հաստատեց թէ
մեր նահատակութիւնները ի զուր չեղան,
այլ յարանուանութիւններու միջեւ գործակ-
ցութեան ու մերձեցումի շաղախ հանդիսա-
ցան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝
Արամ Ա. իր հայերէն եւ անգլերէն կուռ քա-
ր ո զի ն մ էջ յի շ ե ց վ ա ղ քր ի ս տ ո ն էա կ ա ն
ասացուածք մը, որ նահատակուած հաւա-
տացեալի արիւնը աւիշը կը հանդիսանայ
նոր քրիստոնեաներու հզօրացման, նոյնպէս
մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու
արիւնը աւիշը դարձաւ մեր ժողովուրդի
կենսունակութեան: Արամ Ա. Կաթողիկոս
անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին
Տիեզերական Վարդապետի կոչումին եւ
յիշատակեց, թէ մինչ շատ մը ուրիշ Աստ-
ւածաբաններ Աստծոյ մասին խօսեցան,
Նարեկացին Աստծոյ հետ երկխօսութիւն
ունեցաւ, խօսեցաւ Անոր հետ: Խօսք առաւ
նաեւ համապատարագիչ Ներսէս-Պետրոս
ԺԹ Թարմունի Պատրիարքը, լատիներէնով
յայտնելով իր երախտագիտութիւնը Սրբա-
զան Պապին, իր աստուածահաճոյ եւ կորո-
վի արդարամտութեան համար:
Արարողութիւններու ընթացքին կատար-
ւեցաւ նաեւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզե-
րական Վարդապետ կոչման ընթացքը, երբ
Կա ր դ ի ն ա լ Ամ ա թ օ Սր բ ա զա ն Պ ա պ ի ն
ներկայացուց Նարեկացիի վաստակն ու
հրաշագործութիւնները, եւ իր կարգին՝ Պա-
պը կարդաց հռչակագիրը որ Նարեկացին
կը դասէ Տիեզերական Վարդապետի կոչումին:
Ս. Պատարագին ու արարողութիւննե-
րուն ընկերակցեցան հայկական եւ լատի-
նական երգեցողութիւններ, Ս. Պետրոս
հսկայ տաճարը եւ շրջակայ ընդարձակ
հրապարակը լեցնելով հայ եկեղեցւոյ հոգե-
պ ա ր ա ր ե ր գե ր ո վ ե ւ ե ր ա ժշ տ ո ւ թ ե ա մ բ :
Նշենք նաեւ թէ միլիոնաւոր ժողովուրդներ
աշխարհի չորս կողմերուն, թէ’ պատկերաս-
փիւռով եւ թէ տեսահոլովակով մասնակից
եղան արարողութիւններուն ու մանաւանդ
ընկալեցին հոգեւոր պետերուն պատգամները:
Այս պատմական իրադարձութենէն միայն
քանի մը ժամ ետք Թուրքիոյ Արտաքին գոր-
ծերու նախարարը ետ կանչեց իր դեսպանը
վատիկանէն, որպէս բողոք Հայոց Ցեղաս-
պանութեան հաստատումին:
Մեր նահատակները տուին իրենց գերագոյնը՝ իրենց կեանքը:
Իրաւունք չունինք ումպէտս վատնելու այդ ամենաթանկ աւանդը
Հալէպի իրավիճակը աւելի
կը վատթարանայ
Առաւել քան երեք շաբաթ է Հալէպի մէջ համացանցերը
չեն գործեր, հոսանքը եւ ջուրը քաղաքին մէջ ընդհատում-
ներով կու գայ, հետեւաբար նաեւ հայկական համայնքի
լրատուական կայքերը։ Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գոր-
ծակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ վերջին շրջանին եւ յատ-
կապէս Ապրիլ 11-ին, էրտողանի վարչակարգի հետ կապ
ունեցող ահաբեկչական խմբաւորումները մեծ թիւով ռում-
բեր եւ հրթիռներ արձակած են Հալէպի Սուլէյմանիէ եւ
Սէյէտ Ալի բնակելի թաղամասերու ուղղութեամբ, որ պատ-
ճառած է 8 զոհ եւ 47 վիրաւոր:
Միւս կողմէն ոստիկանական աղբիւրները յայտած են, որ
ահաբեկիչները դիրքաւորուած են Հին Հալէպի մէջ եւ շարք
մը հրթիռներ արձակած են Քալլաս, Ուսրա Ալ Սայիտէ եւ Ալ
Ռամ եւ Սէյէտ Ալի փողոցներու, ինչպէս նաեւ Սուլէյմանիէ
հայաբնակ թաղամասի վրայ:
Յիշենք, որ ահաբեկչական գործողութիւնը նաեւ նիւ-
թական լուրջ վնասներ հասցուցած է: Սուլէյմանիէ հայա-
բնակ թաղամասի մէջ չորս շէնք ամբողջութեամբ քան-
դըւած է, քանդուած շինութիւններու տակէն դուրս հանած
են երեխաներ ու կանայք։ Ս. Վրացեան կեդրոնը, ուր ժա-
մանակաւորապէս տեղափոխուած է Ազգային առաջնոր-
դարանը, կրած է նիւթական լուրջ վնասներ, տեղի արխիւ-
ները ապահովելու գործով դէպքի վայր հասած երիտա-
սարդներ եւ վիրաւորուած են, բարեբախտաբար արդէն
ներկայիս դուրս եկած են հիւանդանոցէն, կան եօթը հայ
վիրաւորներ, որոնց կեանքին բարեբախտաբար վտանգ չի
սպառնար, սակայն նիւթական վնասները շատ մեծ են։
Այժմ՝ Հալէպ գտնուող մեր հայ ժողովուրդին մէջ անո-
րոշութեան եւ վախի զգացում կը տիրէ:
Ատամ Շիֆ՝ Պապի
յայտարարութեան մասին
<abajaj;rj
Hebdomadaire Arménien
Armenian Weekly ISSN 0382-9251
Publié par /Published by
Le Centre de Publication Tékéyan
825 rue Manoogian, Saint-Laurent,
Québec H4N 1Z5
Tél: (514) 747-6680 • FAX: (514) 747-6162
e-mail: abaka@bellnet.ca
www.tekeyanmontreal.ca
PM40015549R10945
TPS/GST – R119209294 • TVQ/PST #1006268699
2 • ABAKA • LUNDI 20 AVRIL 2015 - MONDAY APRIL 20, 2015
Canada
2nd Class $80 (QC & ON)
1ère classe/first class $90
U.S.A. 1st class (US)$90
Autres pays/Other countries:
1st class (US)$120
Per issue $1.75
Dépôt légal: Bibliothèque du Québec
ABAKA
Patas.anatou .mbagir^
AU:TIS PAGGAL:AN
’anouzoumn;rou%
nouiratououjiunn;rou ;u
gras;n;aki patas.anatou^
SALBI MARKOS:AN
Joronjoi patas.anatou^
MATAJ B& MAMOUR:AN
“We acknowledge the financial
support of the Government of
Canada through the Canada
Periodical Fund (CPF) for our
publishing activities.”
Նախագահ
Սարգսեան
7 Ապրիլի
առթիւ ուղերձ
Հրապարակեց
Հայաստանի Հանրապետու-
թ ե ա ն ն ա խ ա գա հ Սե ր ժ Սա ր -
գըսեան Ապրիլի Եօթի «մայրու-
թեան եւ գեղեցկութեան» տօ-
ն ի ն ա ռթ ի ւ շ ն ո ր հ ա ւ ո ր ա կ ա ն
ուղերձ հրապարակած է: Նշենք,
որ ուղերձին մէջ նախագահը
բարձր գնահատած է հայ մայ-
րերուն վստահուած դերը  առողջ,
կիրթ եւ հայրենասէր սերունդ
պատրաստելու գործին առըն-
թեր: Նախագահը նաեւ ըսած է,
ո ր   Հ ա յ մ ա յր ը պ ա տ մ ո ւ թ ե ա ն
ողջ ընթացքին ցոյց տուած է
սխրանքով լեցուն կեցուածքներ
եւ նոյնիսկ հարիւր տարի առաջ
աքսորի եւ  գաղթի ճանապարհ-
ներուն վրայ չէ մոռցած մահուան
անապատներու աւազներուն
վ ր ա յ ա յբ ո ւ բ ե ն ը գր ե լո վ   ա զ-
գային ոգի ներարկել եւ փրկու-
թեան ու վերապրումի անուրա-
նալի  պատգամներ  յղել բոլոր
սերունդներուն:
Այս Ապրիլը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամ-
եակն է... : Հայու գոյատեւման պայքարին նոր ան-
կիւնադարձ մը, գուցէ նաեւ՝ նոր հանգրուան մը:
Ցեղասպանութեան յաջորդող քանի մը տասնամ-
եակներու ընթացքին հայ ժողովուրդը իր վէրքերը դար-
մանելու եւ իր զոհերը սգալու հանգրուանէն անցաւ
յիշատակումի եւ ոգեկոչումի շրջանին, ամբողջ քա-
ղաքակիրթ աշխարհին պարզելու համար՝ մոռացման
դատապարտուած ահաւոր ոճիրը մարդկութեան դէմ:
Ոչ միայն յիշեցինք ու ոգեկոչեցինք մեր անմեղ զոհերը,
այլ նաեւ, ի հեճուկս ցեղասպան Թուրք կառավարու-
թեան ու անոր ժառանգորդներուն, Ցեղասպանութենէն
մազապուրծ մեր որբերը վերապրեցան, ինչպէս վե-
րապրողներու այլ բեկորներ հիւրընկալուեցան շրջակայ
երկիրներու մէջ, առողջ սերունդ մը հասցուցին ու զօ-
րեղ Սփիւռք մը յառաջացուցին: Ի դերեւ ելան թրքական
յոյսերը թէ մի քանի սերունդէն հայ Սփիւռքը պիտի
ձուլուի ու անհետանայ Եւրոպայի ու Ամերիկաներու
խառնարաններուն մէջ, եւ աշխարհը գիտակցաբար թէ
անգիտակցաբար հալած կարագի նման կուլ պիտի տայ
պատմութիւնը խեղաթիւրող թրքական նենգափոխու-
թիւններն ու զեղծարարութիւնները:
Մինչ այդ, Մայրենի մեր հողերու՝ Արեւելահայաս-
տանի մէկ փոքր շերտին վրայ վերածնաւ մեր անկախ
հայրենիքը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր
կողքին ունենալով, իր զաւակներու արեան գնով վե-
րածնած, պատմական ու հերոսական Արցախի Հան-
րապետութիւնը, գրեթէ քառորդ դարէ ի վեր: Ու Վահան
Թէքէեանի տեսիլքով՝ «...յուսա’, դիզուէ’, փոշին լոկ
այդպէս պիտի նորէն քար ըլլայ...»: Այո, քարացաւ Հա-
յաստանը եւ քարացաւ Արցախը՝ իրենց ահարկու բա-
նակով եւ հերոսներով. այլապէս՝ Թուրք-Ազերի վոհ-
մակները վայրկեան առաջ պիտի յօշոտէին ու աւերէին
Արեւելահայաստանը: Քարացաւ Սփիւռքը ձուլումի դէմ,
իր կրթական, մշակութային, հրատարակչական, քաղա-
քական, ընկերային կռուաններով ու անձնուէր աշ-
խարհական ու հոգեւորական առաջնորդներով, ըլլայ
Միջին Արեւելեան, կամ եւրոպական ու ամերիկեան
հիւրընկալ երկիրներու մէջ: Ճիշդ է թէ հայ Սփիւռքը,
յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, նօսրացաւ որոշ
չափով, նահանջեց հայ լեզուն զգալի չափով, սակայն
կորիզը կը մնայ պինդ ու անտեղիտալի: Հայ Սփիւռքը,
բոլոր ժամանակներէ աւելի, կը մնայ թուրքիոյ աչքին
փուշը, ու միջազգային հանրութեան հիացումի առար-
կան:
Այլեւս կեղծիքի քօղը կարող չէ ծառայել որպէս Թուր-
քիոյ թուզի տերեւը: Արեւմտեան աշխարհի կարգ մը
երկիրներու քաղաքական ու տնտեսական շահերն է
որ տակաւին անոնց պետական առաջնորդները կը
ստիպեն հանդուրժել շփացած երախային ստորին քմա-
հաճոյքները եւ ձեռք մեկնել յոխորտ Թուրքիոյ արիւնոտ
ձեռքին: Երբ նոյն երկիրները վայրկեան մ’իսկ չեն վա-
րանիր ուրիշ երկրի մը դէմ խմբային պատժամիջոցներ
կիրառկելու, չէի՞ն կրնար գոնէ պայմանաւորել Թուր-
քիոյ հետ իրենց գործակցութիւնը՝ վերջինիս մարդկա-
յին իրաւունքներու ահաւոր բռնաբարութիւնները
մեղմացնելով: Ո՞վ որմէ՞ աւելի կարօտ է միւսին օգնու-
թեան. Արեւմուտքը Թուրքիայէ՞ն, թէ Թուրքիան՝
Արեւմուտքէն:
Մօտ օրէն Անգլիոյ Արքայազն Ֆիլիփը կը մեկնի
Իսթանպուլ, Բրիտանական Միացեալ Թագաւորութեան
անունով Ապրիլ 24-ին մասնակցելու համար Կալլի-
փոլիի նուաստացուցիչ պարտութեան հարիւրամեակի
նշումին, քաջատեղեակ ըլլալով որ այդ թուականը
բռնազբօսիկ կարգադրութիւն մըն էր Թուրքիոյ կողմէ,
նսեմացնելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւ-
րամեակը: Եւ ըսել թէ՝ հազիւ քանի մը ամիս առաջ
Արքայազնը այցելած էր Լոնտոնի հայկական եկեղեցին
եւ հանդիպում ունեցած էր հայ համայնքի ղեկա-
վարներու հետ: Զուգադիպութի՞ւն, թէ քաղաքական
աչքի փոշի: Անգլիոյ համար կարեւորը՝ Թուրքիան
չնեղացնելն է: Հապա՞ հայերը եթէ նեղանան. ի՜նչ փոյթ:
Հայաստան ոչ քարիւղ ունի եւ ոչ մէկ վնաս կրնայ
հասցնել Թագաւորութեան: Աւելին՝ Անգլիան տակաւին
քաջութիւնը չէ ունեցած ընդունելու Հայոց Ցեղաս-
պանութեան իրողութիւնը, նոյնիսկ հակասելով ի’ր իսկ
պատկառելի պատմաբաններու փաստարկութեան:
Բայց Հայաստանը հասած է միջազգային տարողու-
թեամբ հաշուի առնուելու մակարդակին, ու անոր քա-
ղաքական կարեւորութիւնը տարածաշրջանին մէջ
վստահաբար հետզհետէ պիտի աւելնայ: Վերջին մէկ
տարուան ընթացքին գուցէ ամենանշանակելի զար-
գացումը Հայ աշխարհին մէջ՝ Ցեղասպանութեան Հա-
րիւրամեակի առիթով ստեղծուած համահայկական
մարմինն է, որ «Հայաստան» Համահայկական Հիմ-
նադրամի յաջող փորձին վրայ հիմնուելով իրագործեց
աւելի ծաւալուն եւ աւելի հիմնական, աշխարհի բոլոր
հայութեան ներկայացուցիչ մարմին մը, կազմակեր-
պելու համար հարիւրամեակի նշումներ համաշխար-
հային մակարդակով: Վերջերս, այդ մարմինը հրապա-
րակեց «Հռչակագիր» մը, որ կը հաստատէ ան ո ր
համահայկական ներկայացուցչական հանգամանքը՝
Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք, Հայաստանեայց Առա-
քելական զոյգ կաթողիկոսութիւններ, Հայ Կաթողիկէ եւ
Հայ Աւետարանական համայնքներ: Ցեղասպանութեան
Հարիւրամեակի նշումներու աւարտին, այս մարմինը
պիտի նուիրուի յանուն բոլոր հայութեան հետապնդելու
հայ ժողովուրդի ոտնակոխուած իրաւունքները: Արդէն
սկսած են հայկական պահանջատիրութեան ուսումնա-
սիրութիւններու եւ օրինական միջոցներով անոնց տի-
րանալու բարդ աշխատանքները:
Ահա ա’յս է որ մեր գրութեան սկզբնաւորութեան
կ’ակնարկէինք Հարիւրամեակին՝ որպէս անկիւնադարձ
կամ նոր հանգրուան Հայ Դատի հետապնդման մէջ:
Այո, պիտի յիշատակենք եւ պիտի պահանջենք ոչ միայն
Հարիւրամեակի առիթով, այլ պիտի շարունակենք
մինչեւ ամբողջական յաղթանակ:
Յ.Ա.
«ԿԸ ՅԻՇԵՄ, ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ»
Բրիտանական The Independent-
ի յօդուա ծագի ր Ռ ապը րթ Ֆիսք
հ ան դ էս ե կած է Հայ ոց Ցեղաս-
պանութեան մասին նոր անդրա-
դարձով: Անոր մէջ, մասնաւորապէս,
կը ներկայացուի որ այսօր «Իսլա-
մական պետութեան» առաջխա-
ղացման ֆոնին Միջին Արեւելքի
քրիստոնեայ բնակչութիւնը տա-
ռապանքներ կը կրէ, սակայն այդ
երեւոյթը նոր չէ. 100 տարի առաջ
նոյնը կրած են արդէն հայերը:
Այսօր «Իսլամական պետութեան»
այնպ ի սի ոճի րներու շարքին են
քրիստոնեայ կանանց ստրկացումը,
եզտիներու կոտորածները, հեղինա-
կը կը նշէ նաեւ Տէր Զօրի հոյակապ
հայկական եկեղեցւոյ աւերումը, որ
կ՛ոգեկոչէր 1915-ի ցեղասպանու-
թեան զոհերու յիշատակը:
Այս ամէնուն նկատառումով Ֆիսք
կ՛առաջարկէ, որ քրիստոնեաներու
ողբերգութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ
վերաիմաստաւորուի, մանաւանդ`
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւ-
րամեայ տարելիցի նախաշեմին:
Ֆիսք կ՛առաջարկէ ճանչնալ Եղեռ-
նը` որպէս ցեղասպանութիւն եւ
անոր վերաբերիլ ո՛չ թէ որպէս փոք-
րամասնութեան կոտորած Օսման-
եան Թուրքիոյ մէջ, այլ քրիստոն-
եաներու կոտորած` իրենց կրօնով
Շար. էջ 6
Ռապըրթ Ֆիսք. «Քրիստոնեաներու ողբերգութիւնը
Միջին Արեւելքի մէջ Իսլամական Պետութիւնով չսկսաւ»
LUNDI 20 AVRIL 2015 - MONDAY APRIL 20, 2015 • ABAKA • 3
Ամէն տարի, Մոնրէալի Մարաշի Հայրենակցական Միութիւնը կը
յիշատակէ Փետրուար 1920-ին զոհուած Հայ Մարաշցի Նահատակները,
Հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագով։ Այս տարի եւս, 22 Մարտ 2015-ին,
Ս. Պատարագը տեղի ունեցաւ Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Եկե-
ղեցւոյ մէջ, զոր մատոյց Գերյ. Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեան, որուն ընթացքին
«Հաւատամք»-ը երգուեցաւ Մարաշի եղանակով։ Նոյն եկեղեցւոյ Իփէկեան
սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հոգեճաշ մը, որուն աւարտին խօսք առաւ
Վերապատուելի Յովհաննէս Սվաճեան` հովիւ Հայ Աւետարանական
Եկեղեցւոյ, անդրադառնալով Մարաշի զոհերուն հոգեկան ու ճակա-
տագրական վիճակի մասին, հաստատելով Հայ Ազգին մշտատեւ վերելքը եւ
յաղթանակը։
Տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ զոր Մոնրէալի Մարաշի
Հայրենակցական Միութեան ներկայ վարչութիւնը որոշեց ամբողջութեամբ
նուիրել Ս. Յակոբ Ազգային եւ Ալեք Մանուկեան զոյգ վարժարանները յա-
ճախող սուրիահայ աշակերտներու դպրոցական պէտքերուն։
10 Ապրիլ 2015-ին, Մարաշի Հայրենակցական Միութեան ատենապետ
Պրն. Համբարձում Անդունեան, ընկերակցութեամբ ՄՀՄ-ի վարչական
Տիկին Ալիս Նէրկիզեանի, Միութեան անունով յանձնեց՝ Սուրբ Յակոբ Ազ-
գային Վարժարանի ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան Արմէն-Քէպէք
Վարժարանի իւրաքանչիւր Տնօրէնութեան՝ երկու հազար գանատական
տոլար, որպէս սրտաբուխ մասնակցութիւն Մոնրէալի մէջ սուրիահայ աշա-
կերտներու կրթական կարիքներուն։
ՄՀՄ Միութիւն ի Մոնրէալ
Օրինակելի նախաձեռնութիւն
Մոնրէալի ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
}a.hn^ prn& Fambar]oum Andoun;an% prn& <afh Jana,;an%
tik& Alis Nhrkix;an ;u prn& Armhn Pcaqy;an
Տարածաշրջանի մէջ կայունու-
թեան պահպանման համար կարե-
ւոր է Հա յաստանի անդամակ-
ցութիւնը Հաւաքական անվտան-
գութեան պայմանագիր կազմակեր-
պութեան (ՀԱՊԿ): «Արմէնփրէս»-ի
փոխանցմամբ «Միր» հեռուստա-
ընկերութեան «Միասին» հաղոր-
դ աշա ր ին տո ւած հ ար ցազրոյցի
ժամանակ այս մասին նշած է Հա-
յաստանի Հանրապետութեան նա-
խագահ Սերժ Սարգասեան անդ-
րադառնալով տարածաշրջանային
անվտանգութեան հարցերուն եւ
Վրաստանի ՆԱԹՕ-ին միանալու
ձգտումներուն:
«Մենք շատ լաւ յարաբերութիւն-
ն եր ու նե նք Վր աս տանի հետ եւ
պարտաւոր ենք յարգանքով վերա-
բերուել մեր հարեւանի ընտրու-
թեանը: Մենք գտնում ենք, որ իւրա-
քանչիւր երկիր, տարբեր միութիւն-
ներ ընդգրկուելիս կամ իր ազգային
գերակայութիւնները սահմանելիս,
այնուամենայնիւ, պէտք է ելակէտ
ունենայ այն, որ դա բացասաբար
չազդի տարածաշրջանում տիրող
ընդհանուր իրավիճակի վրայ: Մեր
ելակէտն այն է, որ անվտանգու-
թիւնն անբաժանելի եւ փոխլրացնող
է», -ըսած է նախագահ Սարգսեան:
Նախագահին խօսքով 21-րդ դա-
րուն այնքան մարտահրաւէրներ
կան, որ պետութիւնները պարզա-
պէս ի վիճակի չեն միայնակ պայ-
քարելու այդ մարտահրաւէրներուն
դէմ, եւ միութիւններու մէջ ներ-
գրաւուիլը պարզապէս անհրաժեշ-
տութիւն կը դառնայ:
Հայաստանի նախագահի դիր-
քորոշմամբ հիմա ամենակարեւորն
այն է, որ Հայաստանի անդամակ-
ցութիւնը մէկ միութեան, եւ Վրաս-
տանի անդամակցութիւնը կամ
համագործակցութիւնը մէկ այլ
միութեան հետ չյանգեցնէ մեր տա-
րածաշրջանին մէջ տիրող իրադը-
րութեան վատթարացման: «Վրաս-
տանի դիրքորոշումից չափազանց
շատ բան է կախուած մեր երկրնե-
րում կայունութեան պահպանման
առումով: Ես համոզուած եմ, որ չի
գայ այն ժամանակը, երբ մենք վատ
յարաբերութիւններ կ’ունենանք
Վրաստանի հետ հէնց այդ պատճա-
ռով: Կարծում եմ, իրավիճակը նոյն
կերպ է ընկալում նաեւ Վրաստանի
ղեկավարութիւնը: Վրաստանի ղե-
կավարութեան կողմից որեւէ քայլ
չենք տեսել, որը կարող էր յան-
գեցնել իրավիճակի սրման», -ընդ-
գծած է Սերժ Սարգսեան:
Նախագահ Սարգսեան. «Մեր ելակէտն
այն է, որ անվտանգութիւնն
անբաժանելի եւ փոխլրացնող է»
Գանատան 24 Ապրիլին Երեւանի մէջ
պիտի ներկայանայ երկու նախարարով
եւ երեք երեսփոխաններով
Գանատական լրատու աղբիւրները կը հաղորդէն, թէ 24 Ապրիլին
Երեւանի մէջ կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի
պաշտօնական հանդիսութեան Գանատան պիտի մասնակցի յատուկ
պատուիրակութեամբ. որուն մաս պիտի կազմեն երկու նախարար,
երեք խորհրդարանի անդամ եւ Հայաստանի մէջ Գանատայի դես-
պանը:
Իտալացի խորհրդարանականը.
«Աշխարհը դեռ պէտք է ճանչնայ
Հայ ժողովուրդին հանդէպ
կատարուած ոճիրը»
Ցեղասպանութիւնը, որ պատահած է հայ ժողովուրդի անցեալին մէջ,
մեզի՝ բոլորիս համար դաս պէտք է ըլլայ, որ պէտք է յարգել բոլոր ժո-
ղովուրդներու ինքնութիւնը, մշակոյթը: Եւ ամէն ինչ պէտք է ընել, որ այն,
ինչ պատահած է, այլեւս երբեք չկրկնուի:
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` Ապրիլ 9-ի երեկոյեան Հայաստանի
Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի` Իտալիոյ Հանրապե-
տութիւն պաշտօնական այցի ծիրէն ներս մատուցուած ընթրիքի ժամանակ
նման դիրքորոշում յայտնած է իտալացի խորհրդարանական, ծերակու-
տական Էնիլիա Կրացիա տէ Պիազին:
«Նախ եւ առաջ, ես բարի գալուստ կը մաղթեմ պարոն նախագահին եւ
շատ ուրախ ենք, որ ան որոշած է այցելել Իտալիա: Այս տարի մենք կը
նշենք ֆաշիզմէն Իտալիոյ ազատագրման 70-ամեակը, եւ մեզի համար
ասիկա շատ կարեւոր իրադարձութիւն է: Գիտեմ նաեւ, որ այս տարի հայ
ժողովուրդին համար ալ շատ կարեւոր տարի է, որովհետեւ այս հրաշալի
ժողովուրդին, որուն մենք շատ կը սիրենք եւ որուն հետ շատ կապուած
ենք, պատահած ահաւոր դէպքերու յիշատակի տարին է… Մեր ժո-
ղովուրդները կը կիսեն ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան նոյն
արժէքները»,- նշած է ան:
Ծերակուտականը գերազանց գնահատած է Իտալիոյ եւ Հայաստանի մի-
ջեւ կապերը` այդ գործին մէջ կարեւորելով Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սար-
գիս Ղազարեանի դերը:
Ծերակուտական Ալպերթինա Սոլիանին իր հերթին նշած է, որ երբ 10
տարի առաջ ինքը նախաձեռնեց բարեկամութեան խումբի ձեւաւորումը,
գիտէր, որ այդ քայլով աւելի պիտի խորանան հայ-իտալական յարաբերու-
թիւնները, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ Եւրոպայի հետ Հայաստանի յարա-
բերութիւններուն` որպէս կամուրջ Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ:
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման,
ծերակուտականը ընդգծած է, որ հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարուած
ոճիրը աշխարհը դեռ պէտք է ճանչնայ:
«Նոյն այս ժողովուրդը, անկախ ամէն ինչէ եւ իր կրած տառապանքէ,
պատրաստ է քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային, ընկերային
համագործակցութեան: Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան նախա-
գահին ներկայութիւնը Իտալիոյ մէջ կը ներկայացնէ ապագայի հանդէպ
յոյս: Ես առիթ ունեցած էի նախագահին հետ հանդիպելու Հայաստանի մէջ,
երբ այցելեցի իտալացի խորհրդարանականներու հետ: Այդ այցը շատ
տպաւորած է զիս: Երբ նայինք Հայաստանի Հանրապետութեան քա-
ղաքական գործիչներուն, անոնց շարքին Հռոմի եւ Վատիկանի մէջ Հայաս-
տանի դեսպաններուն, մենք կը զգանք, որ անոնք կը ներկայացնեն Հա-
յաստանի փառաւոր պատմութիւնը եւ խաղաղ ապագայի հանդէպ յոյսն ու
ձգտումը»,- իր խօսքը ամփոփած է իտալացի խորհրդարանականը:
Հայաստանի Հանրապետութեան
հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ
տեղակայուած N զօրամասի պահ-
պանութեան տեղամասի մարտա-
կան դիրքին վրայ, Երեքշաբթի՝ 7
Ապրիլ 2015-ին, հակառակո ր դ ի
արձակած կրակոցէն զոհուած է
աւագ ենթասպայ, 1972-ին ծնած
Հայկ Քէշիշօղլեանը:
Դէպքի առթիւ ՀՀ ՔԿ զինուորա-
կան քննական գլխաւոր վարչու-
թեան մէջ յարուցուած է քրէական
գործ ՔՕ 104-րդ յօդուածի 2-րդ
մասի 7-րդ եւ 13-րդ կէտերով (այն է`
սպանութիւն խումբ մը անձերու
կամ կազմակերպուած խումբի մը
կողմէ ազգային, ռասայական կամ
կրօնական ատելութեան կամ կրօ-
նական մոլեռանդութեան շարժառի-
թով), կը կատարուի նախաքննու-
թիւն, կը տեղեկացնէ Քննակ ա ն
կոմիտէի մամուլի ծառայութիւնը:
Դեռ Ապրիլ լոյս 6-ի գիշերուընէ
հայ ատրպէյճանական սահմանի եւ
ղ ա ր ա բ ա ղ ա - ա տ ր պ է յ ճ ա ն ա կ ա ն
շփման գիծի երկայնքով հակառա-
կորդը բաւականին բուռն կրակա-
հերթերով խախտած է հրադադարը
կրակելով գիւղերու եւ դիրքերու
ուղղութեամբ, ըսած է պաշտպա-
նութեան նախարարի մամուլի քար-
տուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը:
Իսկ Տաւուշի մարզին մէջ, Չո-
ր ա թ ա ն ի գի ւ ղ ա պ ե տ Վա ր ո ւ ժա ն
Բաղմանեանի խօսքով, առաւօտ-
եան կրակած են նաեւ համայնքի
խաղողի այգիներուն մէջ աշխատող
գիւղացիներուն վրայ. «Առաւօտեան
կրակել են, բայց հիմա հանդարտ է,
ժողովուրդը` իր գործին»: Ինչպէս
Չորաթանի մէջ, այնպէս ալ այլ հայ-
կական գիւղերու մէջ զոհեր եւ վի-
րաւորներ չեն եղած:
Ապրիլ 24-ին Պոլսոյ Սուրբ Աստ-
ւածածին Աթոռանիստ մայր եկե-
ղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ պիտի
մատուցուի, յայտարարած է Պոլսոյ
պատրիարքական ընդհանուր փո-
խանորդ Արամ արք. Ա թեշեան՝
Սուրբ Զատկուայ տօնակատարու-
թեան ընթացքին։
Աթեշեան նշած է, որ 100ամեա-
կի ոգեկոչման արարողութիւննե-
ր ը պ իտ ի կ այ ան ան միայն Գում
Գափուի մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Նկատի առնելով, որ Ապրիլ 23-ին
Մայր Աթոռ սուրբ Էջիմածնոյ մէջ
պիտի կատարուի Ցեղասպանու-
թեան զոհերու սրբադասման արա-
րողութիւն, Պոլսոյ Մայր եկեղեցիի
ոգեկոչումը պէտք է կատարուի այլ
ձեւով. սովորական հոգեհանգստ-
ե ան ար ա րողութեան փոխարէն
(հոգեհանգստեան կարգ սուրբերու
համար չի կատարուիր) ոգեկոչումը
պիտի նմանի Վարդանանց սուր-
բերուն յիշատակութեան կարգին։
Պատարագը պիտի ձօնուի անոնց
յիշատակին ու պիտի հնչեն այս
առթիւ ընդու նուած շարական-
ներ։
4 • ABAKA • LUNDI 20 AVRIL 2015 - MONDAY APRIL 20, 2015
Ուորլիք. «Լիայոյս ենք, որ սահմանային
գօտիին վրայ հրադադարը կը յարգուի»
Ղարաբաղեան հիմնախնդրին քա-
ղ աքակ ա ն լո ւծո ւմ ապահովելու
համար  ջանքեր գործադրող ԵԱՀԿ-ի
Մին սք եա ն խումբի ամ երիկացի
նախագահ Ճէյմս Ուորլիք  յոյս յայտ-
նած է, որ յառաջիկայ օրերուն սահ-
մանին վրայ հրադադարի ռէժիմը կը
յարգուի:  Ուորլիք, որ հարցազրոյց
մ ը տ ո ւա ծ է ատր պէյ ճանական
ԱՊՊԱ լրատուական  գործակալու-
թեան շեշտած է, որ  երկու կողմերը
խոստումներ տուած են, որ մօտիկ
օրերուն շրջանին մէջ տեղի ունենալիք շրջանային բնոյթ կրող միջոցա-
ռումներուն,  տօներուն եւ հանդիսութիւններուն ընթացքին սահմանային
խաղաղութիւնը կը պահպանուի: Ուորլիք նաեւ խօսած է երկու երկիր-
ներու  ղեկավարներուն մինչեւ տարուան աւարտ հանդիպման հնարաւո-
րութիւններուն մասին, ըսելով նաեւ, որ մինչեւ այդ հանդիպումը Հա-
յաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի
հանդիպին պատրաստելու համար նախագահական հանդիպման օրա-
կարգը: Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջին դէմքերը այս
տարուան ընթացքին ցարդ չեն հանդիպած եւ անոնց  վերջին հանդիպումը
կայացած էր Փարիզի մէջ անցնող Հոկտեմբերին, Ֆրանսայի նախագաի
Ֆրանսուա Հոլլանտի  Ճիգերով:
Հակառակորդի կրակոցէն
պայմանագրային աւագ ենթասպայ մը
նահատակուեցաւ
Պոլսոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ
մէջ Ապրիլ 24-ին պատարագ
պիտի մատուցուի
«Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի
համագումարը սկսաւ Աղուերանի մէջ
Ուրբաթ, 4 Ապրիլ 2015-ին Հայաստանի Կոտայքի մարզի Աղուերան
շրջանին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Արեւմտահայերէն
Ուիքիփետիա»-ի համագումարին,  որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն
Լիբանանէն հասած ուսուցիչներ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ:
Բացման նիստին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Հայերէն ուիքիփե-
տիա» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ
Սուսաննա Մկրտչեան: Ան ողջունելէ ետք մասնակիցները նշեց, որ
միացեալ գործակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ համախմբել Հայաստանի
եւ սփիւռքի կառոյցներու եւ անհատներու ներուժը: Ան անդրադարձաւ եւ
շեշտեց «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա» ծրագիրի կարեւորութիւնը,
որովհետեւ ըստ կարգ մը տուեալներու արեւմտահայերէնը յայտնուած է
մեռնող լեզուներու շարքին, իսկ «Ուիքիփետիա»-ն այն հարթակն է, որ
կարելիութիւն ունի լեզուն պահպանելու եւ զայն փրկելու կորուստէ:
Սուսաննա Մկրտչեան յայտնեց նաեւ, որ այս դասընթացքը առիթ պիտի
տայ պատրաստելու «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի համակարգողներ,
որոնք իրենց կարգին պիտի շարունակեն աշխատանքը Լիբանանի մէջ:
Նիստին ներկայ եղան նաեւ «Արեւելահայերէն Ուիքփետիայի» խմբա-
գիրները, որոնք ներկայացուցին իրենց աշխատանքային փորձառութիւնը
այս ծիրին մէջ:
Համագումարին ընթացքին մասնակիցները առիթ պիտի ունենան փոր-
ձառու «Ուիքի խմբագիրներէն եւ մասնագէտներէն» ծանօթանալու աշ-
խատանքի սկզբունքներուն, սորվելու աշխատելաձեւը եւ հմտանալու
«Ուիքի»-ի աշխատանքի արհեստավարժութեան:
Նշենք, որ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա» ծրագիրը սկսած է 2014-
ին, «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ եւ նպատակ ունի
«Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան» զարգացնել եւ օժտել որակաւոր յօդ-
ւածներով: Այս աշխատանքը յառաջ տանելու համար պիտի կազմա-
կերպուին Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ ճամբարներ, որոնց պիտի մաս-
նակցին նաեւ Լիբանանէն աշակերտներ եւ համակարգողներ:
Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ
գիտաժողովը կը խոչընդոտուի
«Ակօս» թերթը կը տեղեկացնէ, որ Ապրիլ 26-ին Պոլսոյ Պիլկի համալսա-
րանի մէջ Պատմութեան հիմնադրամի եւ UCLA-ի հովանաւորութեամբ
կազմակերպուած` «Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Հասկացողութիւններ եւ
համեմատական հեռանկարներ» խորագիրով գիտաժողովին կայացումը
խոչընդոտուած է:
«Ակօս»-ին յայտնի դարձած է, որ Մարտ ամսուն յայտարարուած այս
գիտաժողովը պիտի չկայանայ համալսարանին մէջ:
Կ՛ենթադրուի , որ պատճառը գիտաժողովի խորագիրն է: Այժմ գի-
տաժողովը նոյն խորագրով մէկ այլ վայրի մէջ իրականացնելու համար
փնտռտուք կը կատարուի:
LUNDI 20 AVRIL 2015 - MONDAY APRIL 20, 2015 • ABAKA • 5
Ուրուկուէի մէջ Հայոց
Ցեղասպանութեան 100-ամեակին
նուիրուած դրոշմաթուղթ
թողարկուած է
Նախաձեռնութեամբ Ուրուկուէի
մ էջ Հայա ս տան ի Հան րապետու-
թեան պատուոյ հիւպատոս Պր. Ռու-
բէն Աբրահամեանի և Ուրուկուէի
առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ Արք.
Գըլնճեանի, Ապրիլ 7-ին, երկրիս ար-
տաքին գործոց նախարարութեան
գլխա ւոր հանդիսաս րահին մէջ,
ներկայութեամբ արտաքին գործոց
նախարար Ռուտոլֆօ Նին Նինպոա-
յ ի, զբօ սա շ րջո ւթեան ն ախարար
Լիլիան Քէշիշեանի, Մոնթեվիտէոյի
ք աղաք ա պ ե տ Ա ննա Օլիվէրայի,
Հայաստանի Հանրապետութեան
դեսպան Պր. Ալեքսան Յարութիւն-
եանի, ինչպէս նաև երկրի խորհրդա-
րանէն բազմաթիւ պատգամաւոր-
ներու, Ուրուկուէյի մէջ դիւանագի-
տական ներկայացուցիչներու և մեծ
թիւով ներկաներու, տեղի ունեցաւ
Ուրուկուէյի փոստ հեռագրատան
պետական կառոյցի կողմէ լոյս ընծայուած յատուկ դրոշմաթուղթի
պաշտօնական ներկայացումը, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-
ամեակին:
Ուրուկուէի արտաքին գործոց նախարար Նինպոա հաստատեց իր
անվերապահ զօրակցութիւնը Հայ Դատին և Հայոց Ցեղասպանութեան
միջազգային ճանաչումին ի նպաստ տարուող աշխատանքներուն,
Ուրուկուէյի պետութեան անշահախնդիր աջակցութեան:
Բոլոր խօսք առնող անձնաւորութիւնները, զբօսաշրջութեան նախա-
րարը, գաղութի առաջնորդ սրբազանը, Փոստ Հեռագրատան տնօրէնը,
հաստատեցին թէ Ուրուկուէյը իբրև մարդու իրաւունքներու առաջա-
մարտիկ, միշտ հայ ազգի կողքին պիտի մնայ իր արդար իրաւունքներու
ձեռք բերման պայքարի մէջ:
Վերջ ա ւո րութեան ն որ դրոշմաթուղթերը կնքուեցան և առաջին
օրինակները յանձնուեցան կարգ մը պաշտօնական անձնաւորութիւննե-
րու:
Արա Գէորգեան. «Մեր
մշակութային գանձարանի
շնորհիւ պէտք է յարգեն մեզ»
Երկրագունդի վրայ կ՛ապ ր ի ն
բազմաթիւ ազգեր, որոնք իրարմէ
կը տարբերին: Երգահան Ար ա
Գէորգեան կը կարծէ, որ ազգի մը
դաստիարակութեան առաջին գրա-
ւականը իր ազգային երեւոյթներու
պահպանումն է: Ազգային մշակոյ-
թով և ազգային աւանդութիւննե-
րով է, որ պէտք է արժանանանք
ամբողջ աշխարհին հետաքրքրու-
թեան:
«Մենք պէտք է մեր վարկանիշով
բարձրանանք մնացած ազգերէն,
քաղաքակիրթ աշխարհի մէջ պէտք
է կարենանք առանձնանալ, որպէս-
զի յարգեն մեզ, իսկ այդ մ էկ ը
կրնանք իրականացնել միայն մեր
ազգի մտաւոր կարողութիւններու,
մտաւոր հարստութեան, մշակու-
թային գանձարանին շնորհիւ: Մեր
պապերը մեզի ձգած են հարուստ
արժէքներ, մշակութային գանձեր և
մենք պարտաւոր ենք այդ մ էկ ը
բարձր պահել»,- ըսած է Ար ա
Գէորգեան:
Իսկ, թէ մեր երկրի մշակութային
գանձերը պահպանելու գծով ի՞նչ
աշխատանքներ կը տարուին, Արա
Գէորգեան նշած է, որ կան անհա-
տական ջանքեր, որոնք կը փորձեն
պահպանել մեր մշակութային ժա-
ռանգութիւնը:
«Այսօր ֆինանսներու խնդիր կայ,
քիչ կը հովանաւորուին, բայց պէտք
չէ ամէն ինչ բարդել պետութեան
վրայ։ Ամէն մարդ, որ սկսի իր գործը
լաւ կատարելու, թերեւս կարենանք
այդ խնդիրը լուծել»,-ըսած է երգա-
հանը:
Խօսելով ազգային մշակո յթ ը
այսօր ճիշդ ներկայացնելու և մա-
տուցելու մասին` երգահանը նկա-
տած է, որ պէտք է յաճախակի ներ-
կայացնել և խօսիլ մեր ազգային
երաժշտութեան հիմնադիրներուն
մասին:
«Եթէ մենք այդ մարդոց չենք ցու-
ցադրեր, ապա այսօրուան երգիչը
ուրկէ՞ պիտի երգել սորվի, որմէ՞
պէտք է սորվի ճիշդ ներկայացնել:
Եթէ անցեալէն ոչինչ կը բերենք
ներկայ ժամանակահատուածին,
ա պ ա բ ն ա կ ա ն է, ո ր ե ր գի չն ե ր ը
պ ի տ ի ե ր գե ն ա յն , ի ն չ ի ր ե ն ց կ ը
թելադրէ այսօրուան ճաշակը: Որոշ
երգիչներ ալ կ՛օգտագործեն դրացի
երկիրներու երաժշտական մեղեդի-
ները, որ ըստ ինծի՝ ճիշդ չէ»,- նշած
է Արա Գէորգեան և աւելցուցած, որ
իրենք իրենց յարգող երգիչ-երգչու-
հին երբեք չեն երգեր ցած մակար-
դակի երգեր:
«Մեր երկրին մէջ կան որակեալ
երգիչներ, որոնք երբեք իրենց դէմ-
քը չփոխեցին, չգացին հարսանիքի
և շահի ետեւէն ու պահպանեցին
իրենց դէմքը»,- եզրափակած է եր-
գահան Արա Գէորգեան:
Հեղինակ՝ Անի Բաղդասարեան
Թարգմանիչ՝ Անի Բրդոյեան
Ապրիլ 9-ին, Ազգային ժողովին
մէջ տեղի  ունեցած է Հայոց Ցեղաս-
պանութեան 100-րդ տարելիցին
նուիրուած յուշարձանի բացման
արարողութիւնը, որուն մասնակ-
ցած են ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ
Սահակեան, փոխնախագահ Էդ-
ւարդ Շարմազանով, Աժ պատգա-
մաւորներ, աշխատակազմի ներկա-
յացուցիչներ: Այս մասին կը յայտ-
նեն ԱԺ մամլոյ ծառայութենէն:
ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սա-
հակեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ
տարելիցի առիթով բացուող յուշար-
ձան-ցայտաղբիւրի ծնունդը մեր
պատմութեան ամենաողբերգական
էջի իւրատեսակ ընդհանրացումն է:
ԱԺ նախագահի խօսքով` Հայոց
Ցեղասպանութեան 100-րդ տարե-
լիցը որոշակի սահման է` յանցա-
գործութեան եւ մարդասիրութեան
միջեւ, անցեալի եւ ապագայի միջեւ,
պատմութեան եւ յիշողութեան մի-
ջեւ:
Գալուստ Սահակեան փաստած է,
որ Ազգային ժողովի բակին մէջ տե-
ղադրուած յուշարձանը ապագայի
ուղղուած ուղերձ է, Ցեղասպանու-
թիւնը վերապրած ու լաւատեսու-
թիւնը չկորսնցուցած ժողովուրդի
ուղերձը:
Յուշ ա րձ անի բ աց ումէն ետք
Ազգային ժողովի նախագահը եւ
պատգամաւորները 100 խորհրդա-
նըշական ծառ  տնկած են խոր-
հըրդարանի այգիին մէջ` ի յիշատակ
Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ
զոհերուն:
Խօսելով Ազգային ժողովի այգիին
մէջ տնկուող խորհրդանշական
հարիւր ծառի մասին`  ազգային
ժողովի նախագահը այդ ծառերը
համարած է յաղթանակներ կեր-
տելու շարունակական աւանդոյթին
հաւատարիմ մնալու հաստատուն
վկայութիւն:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ
տարելիցին նուիրուած յուշարձանի
բացում եւ ծառատունկ տեղի ունեցաւ
Ազգային ժողովի բակին մէջ Թուրքիոյ «Ժամանակակից
Իրաւաբաններու Միութիւնը»
ներողութիւն խնդրած է Հայերէն
Թուրքիոյ «Ժամանակակից իրաւաբաններու
միութեան» (ԺԻՄ-ÇHD) իզմիրեան մասնաճիւղը
ներողութիւն խնդրած է հայերէն` Հայոց Ցե-
ղասպանութեան համար: Այս մասին ermeni-
haber.am-ին հաղորդած է թրքական «demokratha-
ber.net» լրատուական կայքի թղթակից Հրանդ
Գասպարեան:
Ապրիլ 9-ին Իզմիրի փաստաբաններու պա-
լատի ծրագրած «Ընդդէմ Հայոց Ցեղասպանու-
թեան պնդումներուն. վերջ տանք հարիւրամեայ
սուտին» խորագիրով ժողովը բողոքի ալիք
բարձրացուցած է Իզմիրի իրաւաբաններու շրջանին մէջ: Ի պատաս-
խան պետական ժխտողական քաղաքականութիւնը որդեգրած փաս-
տաբաններու պալատի նշեալ  նախաձեռնութեան` Իզմիրի ԺԻՄ-ը հրա-
պարակած է յայտարարութիւն մը, որով ճանչցած է Հայոց Ցեղաս-
պանութիւնը եւ ներողութիւն խնդրած հայ ժողովուրդէն:
Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուի.
«Իզմիրի փաստաբաններու պալատը 2015թ. Ապրիլ 9-ին «Ընդդէմ
Հայոց  Ցեղասպանութեան պնդումներուն. վերջ տանք հարիւրամեայ
սուտին» խորագիրով ժողով կը կազմակերպէ:
Իրաւաբանական կազմակերպութեան կողմէ մարդկութեան դէմ իրա-
կանացուած այնպիսի յանցագործութեան թեմայով, ինչպիսին ցեղաս-
պանութեանն է, պաշտօնական գաղափարախօսութեան տարածումն ու
ազգայնամոլութեան թոյնի գովազդումը մեզի հարկադրեցին հանդէս գալու
յատուկ յայտարարութեամբ: Անկէ հարիւր տարի առաջ Օսմանեան կայս-
րութեան մէջ հայերու նկատմամբ «Տեղահանութիւն» անուան տակ իրա-
կանացուած գործողութիւնը ցեղասպանութիւն էր:
Իբրեւ Իզմիրի փաստաբաններ` մենք թոյլ չենք տար, որպէսզի քօ-
ղարկուի կամ մոռցուի հայ ժողովուրդին հանդէպ իրականացուած Ցե-
ղասպանութիւնը:
Մենք հայ ժողովուրդէն ներողութիւն կը խնդրենք այն փաստաբաններու
պալատի անունէն, որուն անդամ ենք»:
6 • ABAKA • LUNDI 20 AVRIL 2015 - MONDAY APRIL 20, 2015
ԱՌԱՋԱՐԿ
Որպէսզի չընդհատուի երթը
Մեծ եղեռնի հարիւրամեակը եթէ ուրիշ ոչ մէկ
օգուտ ունենար, ոչ մէկ յաւելեալ ճանաչում
ապահովէր Հայոց ցեղասպանութեան, ոչ մէկ
քաղաքական յառաջընթաց արձանագրէր Հա-
յաստանի ու իր թշնամի դրացիներուն միջեւ
յարաբերութիւնները բարելաւելու տեսակէտէն,
մանաւանդ հայկական պահանջատիրութեան
գոհացում տալու առումով, միայն այն իրողու-
թիւնը, որ Հարիւրամեակը ազգովին կը նշենք,
միասնաբա՛ր կը նշենք՝ ինքնին նուաճում մըն է,
որ ամեն կերպով պէտք է պահպանել։
Ճիշդ է, երեւոյթը աննախընթաց չէ, բայց
մասամբ միայն աննախընթաց չէ, քանի որ ոչ մէկ
ատեն այսպիսի զօրաշարժի ենթարկուած է
Հայաշխարհը՝ Հայաստան ու Սփիւռք՝ միացեալ
ուժերով նշելու համար այս կարեւոր թուականը։
Ի վեր ջ ո յ ա ռաջին անգամ ըլլալով ամբողջ
հայութիւնը, իր բոլոր կողմերով՝ կազմակեր-
պութիւններով, եկեղեցիներով եւ պետութեամբ,
աշխարհին ներկայացուց իր պահանջագիրը՝
«Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի
համահայկական հռչակագիրը»։
Հարիւրամեակի միջոցառումները կազմա-
կերպուեցան ու կը կազմակերպուին ոչ միայն
համահայկական մակարդակի վրայ, այլեւ իւրա-
քանչիւր գաղթօճախի մէջ, միեւնոյն համերաշ-
խական ոգիով, որուն շնորհիւ ամեն տեղ տար-
բեր կողմերու պատկանող կամ որեւէ կողմի
չպատկանող հայորդիներ իրենց ներդրումը բե-
րելու, աշխատանքներուն մասնակից դառնալու
առիթ ունեցան եւ պիտի ունենան, այսպիսով
նաեւ աւելի բացայայտ դարձնելով մեր մարդու-
ժը։ Յաճախ իրարու անծանօթ ազգակիցներ
գործակցեցան, ճանչցան զիրար, ամրացաւ
իրենց մէջ մէկ ամբողջութեան մը պատկանելու
գիտակցութիւնը։
Կրնա նք չգոհան ալ այդ եղածով, կրնանք
տկարութիւններ կամ թերիներ տեսնել կատար-
ւած ու կա տարուող աշխատանքներուն ու
աշխատելակերպին մէջ, սակայն չենք կրնար
նսեմացնել երեւոյթին կարեւորութիւնը։
Ամեն գնով պահպանե՛նք այս իրագործումը եւ
ժամանակաւոր կառոյցը վերածենք մնայունի։
Տակաւին չենք հասած հոն, որ ունենանք հա-
մահայկական խորհրդարան, չենք հասած հոն,
որ Սփիւռքի հայութեան ձայնը լսելի դառնայ
համայն հայութեան ճակատագրին վրայ ազդող
որոշումներու կայացման մէջ, բայց այս Հա-
րիւրամեակի կեդրոնական միացեալ յանձնա-
խումբի ու տեղական յանձնախումբերու գոյա-
ցումը ճիշդ քայլ մըն է այդ ուղղութեամբ ու
դժուար պէտք չէ ըլլայ երկարաձգել անոնց
կեանքն ու առաքելութիւնը, մանաւանդ որ
կազմակերպական նոր կառոյց մը չէ, որ կ՚աւել-
նայ մեր իրականութեան մէջ, այլ առկայ կազմա-
կերպութիւններու համագործակցութիւնը կ՚ամ-
րապնդուի։ Այս կառոյցը տկար կառոյց մըն է,
քանի որ չունի մանրամասնեալ կանոնագրու-
թիւն, բայց ուժեղ կառոյց մըն է, քանի որ
խարսխուած է ընդհանրական կամեցողութեան
վրայ։
Եթէ պէտք է, կարելի է բարեփոխութիւններ
բերել այդ կառոյցին մէջ, այնպէս ընել, որ ոչ ոք
դուրս մնայ անկէ, որ իւրաքանչիւր հայորդի
այնտեղ իր ձայնը հասցնելու միջոցն ու դիւ-
րութիւնը ունենայ, առանց որ ատիկա խանգարէ
մասնակից կողմերու համերաշխութիւնը։ Կարե-
ւորը՝ այդ կառոյցը պահպանել ուզելու ցանկու-
թիւնն է։
Իսկ ինչո՞ւ պահպանել այդ կառոյցը։ Ի՞նչ
պիտի ընէ ան՝ Հարիւրամեակէն ետք, անկէ
անդին։ Ի՞նչ առաքելութիւն պիտի ունենայ ան։
Առաջին հերթին, ինչպէս գրեցի սոյն յօդուա-
ծաշարքի նախորդ մասերուն մէջ, հաւաքել ու
մատչելի դարձնել Հարիւրամեակի աշխատանք-
ներու պատումն ու արձագանգները։ Ապա
վերլուծել զանոնք, կշիռի վրայ դնել առաւելներն
ու պակասները, քաղել անհրաժեշտ դասերը։
Բայց մանաւանդ, պատմութեան փոխանցել այդ
բոլորը ու ջատագովը հանդիսանալ մեր գաղ-
թօճախներու ներկայի, այլեւ անցեալի ու ապա-
գայի կեանքի արձանագրումին, առանց որուն
մեր բոլոր ճիգերը վաղանցուկ գոյութիւն մը
կրնան ունենալ։
Բայց այս միացեալ յանձնախումբերը ատկէ
անդին ալ անցնելով, կրնան դիւրացնել մեր
ապագայ գործունէութիւնը, նախապատրաս-
տըւիլ գալիք ամեակներու ոգեկոչման, այլ միջո-
ցառումներու կազմակերպման, մանաւանդ
այսօր մեզի տակաւին անյայտ՝ նո՛ր կացութիւն-
ներու դիմագրաւման։ Սուրիոյ հայութեան պա-
րագան նախանշան մը կրնայ հանդիսանալ...
Մենք պատրաստ ըլլալու ենք։
Իսկ այդ պատրաստութիւնը կ՚ենթադրէ առա-
ջին հ ե ր թ ի ն մ ե ր ն ե ր ո ւ ժի ճ ա ն ա չո ւ մ ը ։ Ո՞ վ
ունինք, ո՞ւր ունինք, սկսեալ բոլոր մարզերու մէջ
մեր կամաւորական բանակէն մինչեւ ամենէն
բարձր մասնագիտական ուժերը։ Ապա՝ ո՞վ կը
ճանչնանք։ Ի՞նչ է մեր յարաբերութիւններու
ցանց ը ։ Դ ա ր ձե ա լ՝ բ ո լո ր մ ա ր զե ր ո ւ ն մ էջ ,
այսին քն ՝ ո չ մ ի ա յն քա ղ ա քա կ ա ն , ո ր խ ի ս տ
անհրաժեշտ է, այլեւ մտաւորական-կրթական-
մշակութային ոլորտներուն մէջ, մանաւանդ
հանր ա յի ն կ ա ր ծի ք յա ռա ջ ա ցն ո ղ մ ա մ լո յ
աշխատակիցներու շրջանակներուն մէջ։ Ունի՞նք
այդ բ ո լո ր ի ն ցա ն կ ե ր ը , ա ր ա գ հ ա ս ա ն ե լի ,
անմիջական օգտագործման դիւրութեամբ։
Այդ պ ա տ ր ա ս տ ո ւ թ ի ւ ն ը կ ՚ ե ն թ ա դ ր է ն ա ե ւ
համահայկական առումով թէ տեղական մա-
կարդակներու վրայ մեր խօսքը տեղ հասցնելու
դիւրութիւններու ստեղծումը։ Տասը հազար թէ
հարի ւ ր հ ա զա ր հ ա յո ր դ ի ս տ ե ղ ն ա շ ա ր ի մ էկ
տկկոցով ոտքի հանել կարենալու միջոցները։
Նոյն ձեւով միլիոնաւոր քաղաքացիներու հաս-
նելու եւ մեր խօսքը լսելի դարձնելու կարելիու-
թիւնը։ Մասնագիտական ամենէն յառաջացած
արհեստագիտութեամբ։
Եւ ա յդ բ ո լո ր ը ա ռա ն ց վ ա յր կ ե ա ն մ ը տ ա -
տամսումի իրագործել կարենալու նիւթական
կռուանները։
Պիտի հարց տաք՝ արդէն չե՞ն կատարուիր այս
բանե ր ը ։ Ի՞ ն չ կ ՚ ը ն ե ն մ ե ր կ ա զմ ա կ ե ր պ ո ւ -
թիւնները, եկեղեցիները, Հայ դատի յանձնա-
խումբերն ու մասամբ նորին։ Անշուշտ բոլորը կը
ճգնին այդ առաջադրանքներէն մաս մը, մասնիկ
մը իրագործելու, իւրաքանչիւրը իր սահմա-
նափակ մարդուժով ու միջոցներով։
Առաջարկս այդ մարդուժն ու միջոցները հա-
մազգային մակարդակի վրայ համախմբել է։ Իսկ
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի միաց-
եալ յանձնախումբերու յառաջացուցած ժամա-
նակաւոր կառոյցներն ու կը յուսամ մնայուն ոգին
լաւագոյն երաշխիքն են, որ մեր երթը ոչ միայն
չընդհատուի, այլեւ նոր թափ ստանայ։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Ռապըրթ Ֆիսք...
Շար. էջ 2-էն
պայմանաւորուած:
Ֆ ի ս ք կ ը ն կ ա տ է, ո ր հ ա յե ր ո ւ
կոտորածները զուգահեռներ ունին
այսօր ԻՊ-ի կողմէ իրագործուող
քայլերուն հետ. այն ժամանակ ալ
տղամարդիկ կը կոտորուէին, կա-
նայք կ՛ենթարկուէին խմբակային
բռնաբարութիւններու, անոնց կը
հ ա ր կ ա դ ր էի ն կ ր օն ա փ ո խ ը լլա լ,
երեխաները ողջ – ողջ կ՛այրէին:
Հայերու ապրածէն այս դրուագները
ներկայացնելով` Ֆիսք կ՛արձանագ-
րէ, որ «Իսլամական պետութեան
դաժանութիւնը նորութիւն չէ»:
Ըն դ հ ա ն ր ա ցո ւ մ կ ա տ ա ր ե լո վ `
հեղինակը կ՛արձանագրէ, որ «Իսլա-
մական պետութեան» եւ 1915-ի օս-
մանեան թուրքերու միջեւ կայ ընդ-
հանրութիւն. երկուքի պարագային
ալ բռնութիւնը հիմնուած է գաղա-
փարախօսութեան վրայ»: Իսկ այ-
սօր իսլամիստներու ձեռքին յայտ-
նըւած արաբական աշխարհի մէկ
մասի ողբերգութիւնը հեղինակը
կ՛անուանէ «Պիպլիական տարողու-
թեամբ ողբերգութիւն»:
Անդրադարձին կից հրապարակ-
ւած է նաեւ թուրք զինուորական-
ներու լուսանկարը գանգերու հետ`
հայկական Շէյխալան գիւղին մէջ`
1915-ին:
Դանիէլ Վարուժան աշակերտի մը աչքերով
Ոմանց համար որքա՜ն ձանձրացուցիչ է
հայերէն յօդուած մը աչքէ անցնել, մանաւանդ
երբ այդ ըլլայ հայ բանաստեղծի կամ գրական
դէմքի մը մասին. առաւե’լ մանաւանդ, երբ
գրուած է գրքի մը մասին, որ հրատարակուած
է 50 տարիներ առաջ: Ներելի չէ, սակայն
հասկնալի...:
Կ’ըսուի թէ՝ «Օրը մի քննադատեր իրիկուն
չեղած» կամ ձանձրոյթի մի նախապատրաս-
տըւիր, յօդուածին աւարտիչ վերջակէտէն
առաջ:
Ուրեմն.
144 էջնոց, կոկիկ գիրք մը պարզ այլ խորունկ ոճով
գրուած, ուր հազուագիւտ տեղեկութիւններու հետ
խառնուած են զգայուն ու ազգային զգացումներ:
Խօսողը Առաքել Պատրիկն է «Դանիէլ Վարուժանն իմ
յուշերում»ի արձագանգով:
Առաքել Պատրիկ՝ (Առնօ) ըլլալով մեծ բանաստեղծի
ե րա խ տ ա գէտ աշակ երտը, բացայայտած է անոր
կեանքի այն ժամանակաշրջանին մասին, որ քիչ բան
գրուած է:
Վարուժանի ուսուցչական ժամանակաշրջանն է այդ,
Սեբաստիայի ազգային Արամեան վարժարանին մէջ:
Հոն Պատրիկ կը ներկայացնէ իր ուսուցիչը իբրեւ մեծ
բանաստեղծ, ժամանակակից Սիամանթոյի, Կոմիտա-
սի, քաջատեղեակ ֆրանսերէնի եւ իտալերէնի:
Իր դասընթացքներուն մէջէն կը նկատենք Վարու-
ժանի հմտութիւնը քաղաքական-տնտեսական մարզին
մէջ, ուր «Կանտ»ի համալսարանին մէջ, ա’յդ ալ ուսա-
նած էր:
Տաղանդաւոր բանաստեղծ՝ Վարուժանի եւ խարտի-
շահեր աշակերտուհի՝ Արաքսիի միջեւ սիրոյ հրայրք մը
ծագում կ’առնէ անձնական դասաւանդութիւններու ըն-
թացքին:
Հակառակ ծնողքներու արգելքներո ւ ն ,
հակառակ այդ ժամանակաշրջանի սկզբուն-
քային սովորութիւններուն, մանաւանդ Վա-
րուժանի եւ նախապէս նշանուած Արաքսիին
միջեւ կեանքի կենցաղային տարբերութեան,
ոչ ոք կարողութիւնը կ’ունենայ կտրելու այդ
սիրոյ շղթան: Եւ ահա կը հասնինք գիրքին
վախճանին: Առաքել Պատրիկի լեզւով «Ոգե-
կոչում»: Այս վախճան չէ’, այլ ցնցող պոռթ-
կումներով, հայրենասէր զգացումի հոյլ մը:
Գունաւոր արտայայտութիւններու հաւա-
քածոյ մը ուր գեղեցիկը աւելի կը փայլի, իսկ
փայլունը կը դառնայ մեծասքա’նչ:
Պատրիկ գողտրիկ ու անկեղծ բառերով, նախ կը
դպչի հայու սրտին, բայց հետզհետէ աւելի ուժեղ ոճով
թռիչք կու տայ ընթերցողին մտքին ու երեւակայու-
թեան՝ դէպի հայրենիք:
Ինչպէս գոցել գիրքը առանց սրբելու թրջուած էջերը:
Այո’: Ան կարծես կը խօսի Վարուժանի հետ.- «մեր
դարաւոր իմաստութեան նշխարների գանձարանին՝
մեր շքեղ Մատենադարանին» մասին. «Տաճարանման
մեր պետական օբերային» մասին, «որով կարող է
պարծենալ եւրոպական որեւէ մայրաքաղաք... ուր կը
հնչեն հայկական ժողովրդական երգերը՝ Կոմիտասեան
հանճարէն...»: Պատրիկ խօսքը ուղղելով Վարուժանին
կը գոչէ.. «հրա՞շք: Այո’, սիրելի վարպետ, ամէն երեւա-
կայութեան գերազանցող մեր ներկայի իրականութիւնն
է դա, քսաներորդ դարի հրաշալիքը... անմահ Վարու-
ժան, խմի’ր յաւերժական Հայաստանի կենացը՝ ուղեր-
ձելով նրան քո վաղեմի երգը.
«Ինչ փոյթ իմ կեանքը մեռնող,
Երբ որ երազն իմ կ’ապրի,
Երբ երազն իմ անմահ է...»:
ՊԵՐՃ ԳՈԳՈՐԵԱՆ
LUNDI 20 AVRIL 2015 - MONDAY APRIL 20, 2015 • ABAKA • 7
«Տիեզե՛րք, գլուխ խոնարհի՛ր հայ նահատակութեան առաջ,
նա քաւութեան նոխազ եղաւ քո ոճիրների համար։»
աւետիք Իսահակեան
ԵՂԵՌՆ ԵՒ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ
Պ ա տ մ ութիւնը կ ’ապրի մեզմէ
իւրաքանչիւրիս մէջ։ Մենք չենք
կրնար մոռնալ այդ պատմութիւնը.
Այդպէս կը հրամայեն անմահները....
Պատմութեան անդրադարձումը
անհրաժեշտ է ոչ միայն պատմու-
թեան համար, յանուն սոսկ պատ-
մ ակ ա ն ճշ մարտո ւթեան վերա-
կանգնման։
Պ ա տ մ ութիւնը կը խօ սի նաեւ
ժամանակակիցներու հետ, կը դառ-
նայ անոնց կենսամտածողութեան
բաղադրիչ մասը, հասարակական-
բարոյական հասկացողութիւններու
բարդ համակարգի մը թելադրիչը։
Պատմութիւնը չենք կրնար աղա-
ւաղել, քմահաճ «վերակառուցել»,
իւրովի «շարադրել», որովհետեւ այն
իրողութիւն է արդէն եւ կայ։ Ու չենք
կրնար բացասել, որ պատմութեան
ճշմարտութենէն վախցող մարդիկ
միշտ ալ ձգտած են եւ կը ձգտին
նենգափոխել փաստական իրողու-
թիւնները։
Պատմութեան ճշմարտութիւնը
միշտ ալ անողոք է եւ ոչ մէկ ճիգ չի
կրնար այն մթագնել։
Նոր պատմութեան ամենասեւ
էջը հայկական եղեռնն էր։
1915 թուական. Ապրիլ ամիս ...
Հայկական Եղեռնի սեւ թուա-
կանը, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը
տեղահանուեցաւ եւ տարագրու-
թեան մռայլ ճանապարհներու վրայ
նահատակուեցաւ, գերեզման ունե-
ցաւ անապատներուն մէջ, կիրճե-
րուն ու ձորերուն մէջ։
Հինգ տ ա րի շարունակ, գետի
նման հոսեցաւ արիւնը մեր ժողո-
վուրդի այն հողերուն վրայ, որ ան
հազարամեակներով ապրած, աղօ-
թած, ստեղծագործած ու կերտած
էր։
1915 թուական. Ապրիլ ամիս ...
Այդ այն արիւնոտ թուականն էր,
երբ Արեւմտեան Հայաստանի քա-
ղաքներուն ու գիւղերուն մէջ, օրը
ցերեկով, ցեղասպանութեան մշակ-
ւած ա մե նա ն ուրբ մեթոտներով,
Երիտասարդ Թուրքերը կը մորթո-
տէին աշխարհի ամենահին ժողո-
վուրդներէն մին՝ հայ ժողովուրդը,
որն իր քրիստոնէական մշակոյթով,
լեզուով, արուեստով ու գրականու-
թեամբ իր ազատատենչ ու լուսա-
բ աղ ձ հ ոգո ւ ձգտումներով, քիչ
վաստակներ չունի քաղաքակիրթ
մարդկութեան առջեւ։
Այդ ըստ էութեան պատմութեան
մ էջ ա ռ ա ջ ի ն մեծ ցեղասպանու-
թիւնն էր, որուն զոհ գացին շուրջ
մ էկ ու կ էս միլ իոն մ արդ, այն
ալ ամենավայրագ եղանակներով։
Թշնամին իր հարուածը իջեցուց
նաեւ մեր ժողովուրդի իմացական
եւ հոգեւոր բոլոր կենդանի ուժերու
ակունքին։ Եղեռնին զոհ գացին մեր
նորագոյն գրականութեան եւ ար-
ւեստի ջահակիրները եւ շուրջ 4000
հոգեւորականներ։ Ապրող հայու-
թեան սիրտին մէջ, շիկացած երկա-
թով գրուած սուլթանական Թուր-
քիոյ այդ անլուր ոճիրը։ Թրքական
գազանաբարոյ կառավարողները –
Թալաթ, Էնվէր, Ճեմալ եւ ուրիշներ,
կը պահանջէին սպաննել բոլորը։
Միեւնոյնն է. տղամարդ թէ կին, ծեր
թէ մանուկ։
Իթթիհատի նպատակն էր բնա-
ջընջել ազատասէր հայերը եւ Հա-
յաստան անունը վերցնել աշխարհի
երեսէն։
Համաշխարհային պատմութեան
մէջ ամենածանր ու հրէշաւոր յան-
ցագործութիւնը ցեղասպանու-
թիւնն էր, երբ ազգային, իթնիկա-
կան կամ կրօնական նկատառում-
ներով գազանաբար լիովին կամ
մասամբ բնաջնջուեցան ժողովուրդ-
ներ եւ ազգութիւններ։ Խոցոտեցին
բովանդակ հասարակութեան օր-
գանական կազմը եւ վտանգեցին
աշխարհի խաղաղութիւնը, որու
պատմութիւնը դիպուկ արտայայ-
տութեամբ «մարդկութեան տա-
րեգրութեան մէջ գրուած է արեան
ու կրակի հրեղէն լեզուներով»։
Ուժերէս վեր է դիմանալ սար-
սուռին, որ հոգիս կը բզկտէ այս
պահուս, եւ առանց արցունքի այս
տողերը գրի առնել սկսիլ։ Ընթեր-
ցողը թող ներէ, թեէ գրիչս պահ մը
դնեմ վար ու աչքերս գոցեմ երկիւ-
ղած, մինչեւ որ մտքիս առջեւէն
կարգով անցնին ուրուականները
այնքան .... այնքան եղբայրներու,
քոյրերու, մօրս կողմէ հայր, մայր
չեմ գիտեր քոյր- եղբայր արդեօ՞ք
ունէր։ Մայրս՝ ծնած Խարբերդ, դեռ
1 տարեկան էր, եղերական դրուագ-
ներուն ականատես չէր կրնար
եղած ըլլալ- զինք տեղափոխած էին
որբանոց....
Այն սեւ գիշերը ճիւաղը մեզմէ
խլեց եւ որոնք ահա մէկ դար յետոյ
ալ մեզի կը ժպտին նոյնքան մտերիմ
եւ նոյնքան անուշ, ինչպէս այն
տարիներուն, երբ բոլորը լեցուած
էին յոյսերով ու տեսիլքներով։ Մէկ
դար յետոյ ալ անոնք մեր մէջն են,
մեր շուրջն ու մեր հոգիներուն մէջ,
ու ճիւաղը, որ զանոնք հնձեց, ինքը
չքացաւ ուրուականի մը պէս ...։
Հայերը չէին կրնար մոռնալ ար-
եան հեղեղը, չարչարանքները, աք-
սորը դէպի անապատ։ Չկայ բառ մը
որ այնքան սարսուռ տայ հայուն,
քան այդ անունը- Դեր Զօր։ Դեր Զօ-
րը կը խորհրդանշէ կարծես հայ
ժողովուրդի բովանդակ գողգոթան։
Դեր Զօր դուռն էր Միջագետքի
անապատներուն, եւ անկէ կ’անց-
նէին որոնք կու գային Անատոլուի
զանազան շրջաններէն։Ինչո՞ւ Դեր
Զօր կ’երթար հայ ժողովուրդը։
Ջարդուելու համար տե՞ղ կը պակ-
սէր Թուրքիոյ մէջ։ Ձորեր ու կիրճեր
չկայի՞ն ուրիշ տեղեր, ուր խող-
խողուէին հայ քարաւանները. կամ
չկայի՞ն գետեր որ հայոց դիակները
կուլ տային ու տանէին։
Տեղահանութիւնը եթէ պէտք
ունեցաւ Դեր Զօրին, անոր համար
էր որ գերմաններն ալ համաձայն
էին ատոր։
Հայ ժողովուրդը չէ մոռցած ու չի՛
կրնար մոռնալ ահաւոր եղեռնը, որը
սովորական յուշ մը չէ, այլ պատ-
մական տարեթիւ- 100-ամեակ։
Ապրող հայութեան սրտին մէջ,
շիկացած երկաթով է գրուած սուլ-
թանական Թուրքիոյ այդ անլուր
ոճիրը։ Մարդկութիւնը չի հանդուր-
ժեր մոռացութեան տալ ցեղասպա-
նութիւնը։
Մարդկութիւնը չի կրնար իր մա-
ռանի մէջ պահել հայապահպանու-
թեան ոճիրը եւ պէտք է պատժել
յանցաւորները ու վերականգնել
արդարութիւնը, որ մնացած է
անպատիժ։
Մարդկութիւնը չի կր ն ա ր
հաշտուիլ այն բանին հետ, որ ըստ
էութեան հայկական եղեռնի ո ւ
անոր յանցաւորներուն պատաս-
խանատուութեան, պատմա կ ա ն
արդարութիւնն ուղղելու չի վերա-
բերիր միայն հայ ժողովուրդին. այն
միաժամանակ պիտի ըլլայ ամբողջ
յառաջադէմ մարդկութեան հոգա-
ծութեան առարկան, անոր իմաս-
տութեան, խիղճի ու պատուի գոր-
ծը։ Չէ՞ որ աշխարհի բոլոր ժո -
ղովուրդներուն համար անտանելի
ու մերժելի են չարագործութիւննե-
րը, անսահմանօրէն թանկ են իրենց
անվտանգութիւնն ու բարեկամու-
թիւնը, ներկան ու ապագան։ Ցե-
ղասպանութիւնը ծանրագոյն ոճիրն
էր մարդկութեան ու մարդկայնու-
թեան դէմ. ուստի անոր յանցաւոր-
ները երբեք արդարացում չունին։
Անոնց վրայ չի կրնար տարածուիլ
վաղեմութեան իրաւունքը։ ա յդ
լիովին կը վերաբերի նաեւ թուրք
յանցաւորներուն, որոնք կազմակեր-
պեցին ցեղասպանութիւնը եւ որո-
շակի օրինակ տուին հիտլերական-
ներուն։
Այսօր ալ աշխարհի կար գ մ ը
երկիրներ լիովին պաշտպանեցին ու
դատապարտեցին թուրք-բարբա-
րոսներու գազանութիւնները Առա-
ջին Համաշխարհային Պատերազմի
օրերուն։
Այո՛, կատարուեցաւ կատարուե-
լիքը ... հայութեան գլխուն վրայ
կախուած մեծ աղէտը եկաւ ո ր
անցաւ։ Անցաւ 100 տարի ... բայց
վիշտը մնաց ու փոխակերպուեցաւ
ուժի, կեանքի, ստեղծագործ կամքի,
հաւատքի։ Պատմութիւնը մ ե ր
ժողովուրդի ճակատին գրած էր ոչ
թէ մեռնիլ, այլ ապրիլ եւ վերածնիլ։
Հայ ժողովուրդը երբեք չէ ընկճուած
բախտի հարուածներէն եւ գիտակ-
ցած է իր նահատակութիւնը վերա-
ծել յաղթանակի։
Թշնամին 10 քիլոմեթր հեռաւո-
րութեան վրայ կը փորձէ ապրիլեան
նոր եղեռնի մէջ խեղդել վ ե ր ջ -
նականապէս հայութեան վերջին
մնացորդացը՝ շուրջ 700,000 հոգի,
որոնց մէջ եւ արեւելահայութիւնը։
Ահաւոր երկունքի մէջ է հայոց
աշխարհը։
«Երկնէր երկին, երկնէր երկիր»։
Ամէն կողմ նորէն արիւն, նորէն կո-
տորած, թշուառութիւն, մահ, բայց
եւ ապրելու վճռականութիւն։
«Ընդ եղեգան փող, բոց ելանէր»։
Հերոսութեան, նահատակութեան
ճանապարհի վրայ, թափ կ’առնէ
ազգովին վերածնուելու եւ ապրելու
վճռականութիւնը։ Ու կը ծնուի նոր
Վահագնը մեր արեան ծովէն, մեր
նահատակութեան բոցերէն, մեր
պայքարէն։
«Եւ ի բոցոյն պատանեկիկն վա-
զէր», «հուր հեր» եւ «արեգական
աչկունք» ունեցող նորամանուկը՝
Հայաստանը։
Մեր ժողովուրդը գիտէ տառա-
պանքը յաղթութեան, իմաստու-
թեան, արութեան վերածելու գաղտ-
նիքը։ Հայ ժողովուրդը կը գտնէ իր
ազգային վերածնութեան ճշմարիտ
ուղին, իր պատմութեան ամենա-
ծանր պահուն։ Այսօր, եղեռնէն 100
տարի վերջ, պայծառ է վերածնուած
մեր ժողովուրդի ներկան, ալ աւելի
վառ՝ անոր ապագան։ Այո՛ ի զուր չէ
ապրիլեան եղեռնի զոհերու թափած
սուրբ արիւնը։ Այսօր նահատակ-
ներուն հոյակապ կոթողները կը
բարձրանան ամենուր, որպէս ան-
հուն վշտի ու կենարար վերածնուն-
դի խորհրդանիշ։
Այսօր ալ պատմութեան գիրկը
անցաւ 1915 թուականը։ 2015 Ապ-
րիլ 24-ին, մեր գլուխները խոնար-
հելով բոլոր զոհերու յիշատակին
առջեւ, միաժամանակ բաց ճակա-
տով ու հպարտութեամբ կը նայինք
մեր ժողովուրդի այսօրուայ վերա-
ծնունդին, անոր ծաղկող վիճակին
հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, ուր
մշտապէս կը հանգրուանեն աշխար-
հացրիւ հայերը։
Հերոսաբար անցնելով պատմու-
թեան քառուղիներով եւ դիմակա-
լելով մեծ եղեռնի ահաւոր փորձու-
թիւնները, հայ ժողովուրդը դուրս
եկաւ ազատ ու երջանիկ կեանքի
զարգացման ուղին։
Եղեռն ու վերածնունդ ... Ինչ-
պ ի ս ի ՜ հ ա կ ա դ ր ո ւ թ ի ւ ն ո չ մ ի ա յն
հասկացութիւններու, այլեւ իրողու-
թ ի ւ ն ն ե ր ո ւ ։ Ի հ ա ր կ է ա ռա ջ ի ն ը
ա հ ա ւ ո ր չա ր ի ք է, բ ա յց ա ր դ էն
անցեալ, եւ խորապէս բերկրալի է
որ հայ ժողովուրդն իր մշտահոլով
երթը կը կատարէ երկրորդ ուղիով։
Սեդա ԳանտաՀարեան
Հոլանտայի խորհրդարանի ներկայացուցիչներու
պալատը Հայոց Ցեղասպանութեան
վերաբերեալ որոշում ընդունեց
Ապրիլ 9-ին Հոլանտայի խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատը
ձայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ ընդունեց որոշում, ուր կարեւոր կը
համարուի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կողմէ իրենց պատմութեան վերա-
բերեալ ընդհանուր համաձայնութեան ձեռքբերումը, համոզում յայտնել, որ
փոխադարձ ըմբռնումի հասնիլը 1915 թուականի վերաբերեալ անհրա-
ժեշտ է երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու յառաջընթացին հա-
մար, յոյս կը յայտնուի առ այն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տա-
րելիցին նուիրուած ոգոկոչման ձեռնարկները Հոլանտայի եւ այլուր իրենց
ներդրումը կը բերեն ներգրաւուած համայնքներու միջեւ յարգանքի ու
իրար ընդունման ձեւաւորման, կը յանձնարարուի կառավարութեան, 2004-
ի պայմանագիրով ընդունուած Ռաուֆուտի որոշման համահունչ, երկ-
կողմանիօրէն եւ ԵՄ ծիրին մէջ շարունակել կոչ ուղղել Թուրքիոյ կառա-
վարութեան նոր խթան հաղորդելու Հայաստանի հետ մերձեցման եւ
հաշտեցման եզրեր փնտռելու Հայաստանի կառավարութեան հետ:
Ինչպէս կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, որոշումը ընդունուած
է 127 կողմ եւ 13 դէմ համեմատութեամբ:
8 • ABAKA • LUNDI 20 AVRIL 2015 - MONDAY APRIL 20, 2015
S E C T I O N F R A N Ç A I S E
LUNDI 20 AVRIL 2015
Editorial écrit en anglais par
Edmond Y. Azadian et publié dans
The Armenian Mirror-Spectator
en date du 4 avril 2015
Si l'on exclut la légende voulant que
les ancêtres de notre héros national,
Vartan Mamigonian, ont salué la fa-
mille Mamgon en Chine, les relations
entre les deux nations ont été à leur
meilleur lorsque les commerçants
arméniens envoyaient leurs navires
marchands et ses marchandises
d'Europe vers l'Asie aux 16e et 17e
siècles, avant que cette route commer-
ciale ne soit reprise par la British East
India Company.
Les commerçants arméniens de
Julfa négociaient entre Venise et les
villes d’Extrême-Orient, où ils ont ins-
tallé des colonies à Java, Surabaya,
Jakarta, Madras, Calcutta, Singapour,
Hong Kong et d'autres villes. Il y avait
une communauté arménienne active
dans la ville chinoise du nord, à
Harbin, jusqu’à la prise de pouvoir des
communistes, avec à leur tête Mao Tsé
Toung qui a expulsé les forces nationa-
listes du Kouo-Min-Tang, dirigées par
Chang Kai-shek, vers Taiwan.
La superficie des deux pays a donné
lieu à de nombreuses blagues et anec-
dotes. Un exemple : le gouvernement
chinois, en apprenant que l'anthropo-
logue Margaret Mead avait proposé
que les Nations Unies adoptent la
langue arménienne comme langue offi-
cielle internationale, a envoyé un télé-
gramme à l'Arménie demandant 30
millions d'enseignants de langue armé-
nienne afin d’enseigner la langue dans
les écoles chinoises.
Passant de l'humour à la politique,
le président Nixon, et son secrétaire
d'état Henry Kissinger, n’avaient pas
imaginé que la Chine, quand ils ont
décidé de jouer leur carte chinoise,
deviendrait une figure dominante des
affaires mondiales et, au moins sur le
plan économique, rendrait les Etats-
Unis redevables envers Pékin?
À l'époque, l'obsession des capitales
occidentales était de contenir à tout
prix l'Union soviétique. La carte chi-
noise était un atout formidable que
l'équipe Nixon-Kissinger a utilisé avec
succès, créant une scission entre les
deux grandes nations communistes, et
conduisant finalement à l'effondre-
ment de l'empire soviétique. Ils ont
habilité la Chine à devenir l'une des
principales forces sur la scène poli-
tique multipolaire.
Contrairement aux Soviétiques, les
Chinois ont utilisé une règle sociale
autocratique en économie, et ont amé-
lioré le niveau de vie d'un milliard et
demi d’habitants. Dans une société
socialiste hybride, les milliardaires
sont autorisés à réussir alors que l'Etat
prêche officiellement l'égalité pour
tous. Une fois de plus, à l'échelle inter-
nationale, leur politique étrangère n'a
jamais été entachée par l'idéologie; ils
n’ont jamais essayé d'exporter leur
idéologie communiste lors de l'achat
de pétrole d'Omar Bashir du Soudan,
accusé par l'Occident d'avoir perpétré
un génocide, pas plus qu'ils ne condi-
tionnent leur pénétration économique
de l'Amérique latine. Au contraire, ils
ont mené une brève guerre contre
leurs parents idéologique, le Vietnam,
après l'unification de ce pays déchiré
par la guerre.
Aujourd'hui, la Chine est l’un des
personnages les plus influents du
monde. Sa puissance économique croît
inexorablement, parallèlement à sa
force politique et militaire.
Les relations internationales doi-
vent être mutuellement avantageuse
pour toutes les parties; alors dans quel
genre de négociations « donnant-don-
nant » sont impliquées dans les rela-
tions arméno-chinoises ? La Chine a
aidé l'Arménie au développement de
son agriculture, mais elle a surtout
fourni du matériel militaire si néces-
saire.
La première visite du président
Serge Sargissian à Pékin a reçu les
plus grands honneurs. Sa seconde visi-
te, en mars, a été toute aussi officielle.
On peut penser que l'Arménie, pays
minuscule, aurait pu être écrasé par la
rivalité des superpuissances, mais jus-
qu'à présent, elle a géré sa politique
étrangère avec prudence. Il y a
quelques mois, lorsque le ministre des
Affaires étrangères, Edouard
Nalbandian, a effectué une tournée
des pays d'Amérique latine, certaines
publications de l'opposition ont tenté
de ridiculiser sa visite dans cette par-
tie du monde, qui a pourtant permis à
la Bolivie de se joindre aux pays ayant
reconnu le génocide arménien, et a
démoli les plans du Mexique qui
dédiait un parc public au leadeur azéri
Heydar Aliev, tout en générant une
quantité énorme de bonne volonté.
Incidemment, le Venezuela et le
Nicaragua sont les deux pays - plus la
Russie - à reconnaitre l'indépendance
de l'Abkhazie et de l'Ossétie du Sud. Il
est possible que ces pays finissent par
reconnaitre l'indépendance du
Karabagh (Artzakh) lorsque les condi-
tions seront réunies.
La politique arménienne vis à vis de
la Chine est toute aussi réussie.
Compte tenu de l'instabilité politique
dans la région et la corruption endé-
mique en Arménie, les investisseurs
individuels ont jusqu'à présents été
plutôt rares. Seul un pays puissant
comme la Chine peut prendre le risque
d'investir en Arménie.
Beaucoup qualifient le voyage de
Sargissian en Chine « d’historique » et
« d’une percée » en ouvrant des pers-
pectives de reprise économique. A la
fin du voyage présidentiel, un commu-
niqué officiel a été émis, dans lequel
les parties s’engageaient à poursuivre
des relations « fondées sur le respect
mutuel, l'égalité et l'intérêt récip-
roque. »
L’Arménie a promis de ne pas
reconnaitre l'indépendance de Taiwan,
car elle considère que l'ile fait partie
intégrante de la Chine, tandis que la
partie chinoise a accepté de soutenir
« le règlement pacifique du conflit du
Karabagh sur la base des principes de
la Charte des Nations Unies et des
normes universelles du droit interna-
tional. »
Suite à la page 9
Une poignée de main entre
David et Goliath
Conférence au Biblotheque de la
Ville de Montréal
“Ani, ville de mille églises”
par Azad Chichmanian
“Montréal, ville aux cent cloches”
par Denis Boucher
A l’occasion du 100e anniversaire du
Génocide Arménien de 1915, il y a eu
lieu, le 2 avril 2015, une conférence à la
Grande Bibliothèque de la ville de
Montréal.
L’architecte Montréalais, Azad
Chichmanian, a fait un survol de pho-
tos de certaines églises arméniennes à
l’ancienne ville, Ani. Ces dernières ont
quasi-survécu suite à des invasions des-
tructives par les Turcs seldjoukides de
Perse et par des Mongols; un tremble-
ment de terre au début du 14e siècle a
rendu ces églises en ruines.
Il a expliqué qu’Ani, la capitale du
royaume de l’Arménie au 10e siècle,
était située au long d’un axe commer-
cial important dans la région Caucase.
Cette ville, jadis florissante, avait une
influence et concentration de pouvoir
notables, tout comme Le Caire et
Constantinople. Elle était densément
habitée - une des centres de la culture
arménienne où l’architecture des églises délabrées nous démontre, néanmoins la
richesse de la civilisation arménienne, ses écritures et ses “Khatchkar”.
Les Églises St Gregoire de Gorghachene , St Gregoire l’Illuminateur de 10e
siècle sont des exemples de certaines églises qui, malgré tous les évènements à
travers des siècles, ont survécu et existent encore aujourd’hui, tel que mentionné
par l’architecte.
Tout en expliquant que les ruines d’Ani se situent présentement en Turquie
près de sa frontière fermée avec l’Arménie, Mr, Chichmanian a souligné la volon-
té évidente de la Turquie de permettre la détérioration et la décadence de ces
sites historiques arméniennes/chrétiennes.
L’architecte Denis Boucher, dans le but de faire une parallèle entre Montréal
et Ani, a fait référence aux patrimoines religieux dans la Ville de Montréal: “La
Ville de 100 Cloches”. La Chapelle de Bonsecours à vieux Montréal (associant au
Chateau Ramsay) et la Basilique Notre-Dame et Pierre Grise de Montréal du 19e
siècle ont été donnés comme exemples.
M. Boucher a parlé de l’évangélisation de Montréal, la forte présence de la
religion catholique et la diversité croissante de Montréal. Il a fait savoir que
depuis 2003, sept églises avaient été démolies à Montréal et trente-trois vendues
à d’autres confessions. Il a également énoncé de la tendance de recyclage des
anciens bâtiments de patrimoines religieux, faisant savoir, toutefois qu’à
Montréal, il y a une volonté de préserver le cachet historique de ces bâtiments
religieux et des efforts ne sont pas épargnés.
Abaka 20 04-2015
Abaka 20 04-2015
Abaka 20 04-2015
Abaka 20 04-2015
Abaka 20 04-2015
Abaka 20 04-2015
Abaka 20 04-2015
Abaka 20 04-2015
Abaka 20 04-2015
Abaka 20 04-2015
Abaka 20 04-2015
Abaka 20 04-2015

More Related Content

Viewers also liked (6)

Abaka 18 03-2013
Abaka 18 03-2013Abaka 18 03-2013
Abaka 18 03-2013
 
Abaka 07 09-2015
Abaka 07 09-2015Abaka 07 09-2015
Abaka 07 09-2015
 
Abaka 25 02-2013
Abaka 25 02-2013Abaka 25 02-2013
Abaka 25 02-2013
 
Abaka 17 11-2014
Abaka 17 11-2014Abaka 17 11-2014
Abaka 17 11-2014
 
Abaka 04 02-2013
Abaka 04 02-2013Abaka 04 02-2013
Abaka 04 02-2013
 
Abaka 15 02 2016
Abaka 15 02 2016Abaka 15 02 2016
Abaka 15 02 2016
 

Similar to Abaka 20 04-2015

Similar to Abaka 20 04-2015 (20)

Abaka 27 04-2015
Abaka 27 04-2015Abaka 27 04-2015
Abaka 27 04-2015
 
Abaka 04 05-2015
Abaka 04 05-2015Abaka 04 05-2015
Abaka 04 05-2015
 
Abaka 03 11-2014
Abaka 03 11-2014Abaka 03 11-2014
Abaka 03 11-2014
 
Abaka 13 04-2015
Abaka 13 04-2015Abaka 13 04-2015
Abaka 13 04-2015
 
Abaka 14 12-2015
Abaka 14 12-2015Abaka 14 12-2015
Abaka 14 12-2015
 
Abaka 25 05-2015
Abaka 25 05-2015Abaka 25 05-2015
Abaka 25 05-2015
 
Abaka 16 11-2015
Abaka 16 11-2015Abaka 16 11-2015
Abaka 16 11-2015
 
Abaka 09 03-2015
Abaka 09 03-2015Abaka 09 03-2015
Abaka 09 03-2015
 
Abaka 09 11-2015
Abaka 09 11-2015Abaka 09 11-2015
Abaka 09 11-2015
 
Abaka 08 12-2014
Abaka 08 12-2014Abaka 08 12-2014
Abaka 08 12-2014
 
Abaka 01 06-2015
Abaka 01 06-2015Abaka 01 06-2015
Abaka 01 06-2015
 
Abaka 12 10-2015
Abaka 12 10-2015Abaka 12 10-2015
Abaka 12 10-2015
 
Abaka 09 02-2015
Abaka 09 02-2015Abaka 09 02-2015
Abaka 09 02-2015
 
Abaka 05 10-2015
Abaka 05 10-2015Abaka 05 10-2015
Abaka 05 10-2015
 
Abaka 23 03-2015
Abaka 23 03-2015Abaka 23 03-2015
Abaka 23 03-2015
 
Abaka 12 01-2015
Abaka 12 01-2015Abaka 12 01-2015
Abaka 12 01-2015
 
Abaka 26 01-2015
Abaka 26 01-2015Abaka 26 01-2015
Abaka 26 01-2015
 
Abaka 02 03-2015
Abaka 02 03-2015Abaka 02 03-2015
Abaka 02 03-2015
 
Abaka 30 11-2015
Abaka 30 11-2015Abaka 30 11-2015
Abaka 30 11-2015
 
Abaka 16 02-2015
Abaka 16 02-2015Abaka 16 02-2015
Abaka 16 02-2015
 

More from Tekeyan Armenian Cultural Center, Montreal Canada

More from Tekeyan Armenian Cultural Center, Montreal Canada (20)

Abaka 28 03-2106
Abaka 28 03-2106Abaka 28 03-2106
Abaka 28 03-2106
 
Abaka 21 03-2016
Abaka 21 03-2016Abaka 21 03-2016
Abaka 21 03-2016
 
Abaka 14 03-2016
Abaka 14 03-2016Abaka 14 03-2016
Abaka 14 03-2016
 
Abaka 07 03-2016
Abaka 07 03-2016Abaka 07 03-2016
Abaka 07 03-2016
 
Abaka 29 02-2016
Abaka 29 02-2016Abaka 29 02-2016
Abaka 29 02-2016
 
Abaka 22 02-2016
Abaka 22 02-2016Abaka 22 02-2016
Abaka 22 02-2016
 
Abaka 08 02-2016
Abaka 08 02-2016Abaka 08 02-2016
Abaka 08 02-2016
 
Abaka 01 02-2016
Abaka 01 02-2016Abaka 01 02-2016
Abaka 01 02-2016
 
Abaka 25 01-2016
Abaka 25 01-2016Abaka 25 01-2016
Abaka 25 01-2016
 
Abaka 18 01-2016
Abaka 18 01-2016Abaka 18 01-2016
Abaka 18 01-2016
 
Abaka 11 01-2016
Abaka 11 01-2016Abaka 11 01-2016
Abaka 11 01-2016
 
Abaka 11 01-2016
Abaka 11 01-2016Abaka 11 01-2016
Abaka 11 01-2016
 
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015
 
Abaka 21 12-2015
Abaka 21 12-2015Abaka 21 12-2015
Abaka 21 12-2015
 
Abaka 07 12-2015
Abaka 07 12-2015Abaka 07 12-2015
Abaka 07 12-2015
 
Abaka 02 11-2015
Abaka 02 11-2015Abaka 02 11-2015
Abaka 02 11-2015
 
Abaka 26 10-2015
Abaka 26 10-2015Abaka 26 10-2015
Abaka 26 10-2015
 
Abaka 19 10-2015
Abaka 19 10-2015Abaka 19 10-2015
Abaka 19 10-2015
 
Abaka 28 09-2015
Abaka 28 09-2015Abaka 28 09-2015
Abaka 28 09-2015
 
Abaka 14 09-2015
Abaka 14 09-2015Abaka 14 09-2015
Abaka 14 09-2015
 

Abaka 20 04-2015

  • 1. Ամերիկացի գոնկրէսա- կան Ատամ Շիֆ շնորհակա- լ ութիւն յա յտնեց Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին՝ Վա- տիկանի պատարագին ըն- թացքին Ցեղասպանութիւն բառեզրը գործածելուն հա- մ ար : «Շ նո րհ ակ ալ եմ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցաք որպէս 20-րդ դա- րու առաջին Ցեղասպանու- թիւն: Թող ձեր խօսքը ճշմարտութիւնը արթնցնէ նաեւ այլոց մէջ», գրեց Շիֆ: A X G A | I N % M < A K O U J A | I N : U F A S A R A K A K A N < A B A J A J : R J LX& TARI JIU 1982 :RKOU<ABJI% 20 APRIL 2015 • VOL. XXXVI, NO 1982 • LUNDI, 20 AVRIL 2015 • MONDAY, APRIL 20, 2015 ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Կիրակի, 24 Ապրիլը պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուի Հայոց Ցեղասպա- նութեան համաշխարհային ճանաչման նախընթաց չունեցող տարողութեամբ տա- րածման յախուռն քայլ մը: Մասնակ- ցութեամբ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի, եւ Սրբազան Պապի հետ համապատարագ մատուցող Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Ներ- սէս Պետրոս ԺԹ Թարմունիի, Վատիկանի Ս. Պետրոս Պազիլիքին մէջ եւ դուրսի հրա- պարակը լեցնող հարիւր հազարաւոր մի- ջազգային ժողովուրդը խանդավառ ծափա- հարութիւններով ողջունեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի պատգամը, ուր Քրիս- տոնեայ հաւատքի աշխարհի խոշորագոյն առաջնորդը, ողջունելէ ետք ներկայութիւնը հայ հովուապետերու եւ Հայաստանի Հան- րապետութեան Նախագահ Սերժ Սար- գըսեանի, կը մատնանշէր թէ վերջին մէկ դարու ընթացքին աշխարհ ականատես կ’ըլլար երեք զանգուածային աղէտներու. Առաջին՝ հայոց սպանդը որ ճանչցուեցաւ որպէս 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանու- թիւնը, յետոյ՝ Նացիզմի եւ ապա Ստալին- եան ոճիրները, ու կ’աւելցնէր թէ մարդ- կութեան դէմ կատարուող ոճիրի մը անտե- սումը կը նմանի արիւնող վէրքի մը, որ չէ կապուած եւ թոյլ կը տրուի արիւնահո- սութեան շարունակման: Սրբազան Պապը յայտնեց, թէ այսօր կ’ապրինք արտասովոր ցեղասպանութեան մը մթնոլորտին մէջ, համաշխարհային Երրորդ Պատերազմ մը, որ հանգրուանային է, եւ որու նկատմամբ կը տիրէ համատարած հաւաքական ան- փութութիւն մը: Անդրադառնալով Հայաս- տանի, որպէս առաջին Քրիստոնեայ ազգը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան, Սրբազան Պապը ներկայ հանրութեան պարտականու- թիւնը նկատեց՝ յիշատակել այն անմեղ երախաները, կիները, մարդիկն ու եկեղե- ցականները որոնք սպաննուեցան ան- գութօրէն: Սրբազան Պապին յաջորդեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որ իր քա- րոզին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան պապին՝ հայ եկեղեցւոյ հանդէպ իր անցեալէն մինչեւ ներկան արդարութեան քաջարի դիրքորոշման, ինչպէս նաեւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերային Վարդա- պետի հռչակման համար եւ հաստատեց թէ մեր նահատակութիւնները ի զուր չեղան, այլ յարանուանութիւններու միջեւ գործակ- ցութեան ու մերձեցումի շաղախ հանդիսա- ցան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Արամ Ա. իր հայերէն եւ անգլերէն կուռ քա- ր ո զի ն մ էջ յի շ ե ց վ ա ղ քր ի ս տ ո ն էա կ ա ն ասացուածք մը, որ նահատակուած հաւա- տացեալի արիւնը աւիշը կը հանդիսանայ նոր քրիստոնեաներու հզօրացման, նոյնպէս մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու արիւնը աւիշը դարձաւ մեր ժողովուրդի կենսունակութեան: Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին Տիեզերական Վարդապետի կոչումին եւ յիշատակեց, թէ մինչ շատ մը ուրիշ Աստ- ւածաբաններ Աստծոյ մասին խօսեցան, Նարեկացին Աստծոյ հետ երկխօսութիւն ունեցաւ, խօսեցաւ Անոր հետ: Խօսք առաւ նաեւ համապատարագիչ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ Թարմունի Պատրիարքը, լատիներէնով յայտնելով իր երախտագիտութիւնը Սրբա- զան Պապին, իր աստուածահաճոյ եւ կորո- վի արդարամտութեան համար: Արարողութիւններու ընթացքին կատար- ւեցաւ նաեւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզե- րական Վարդապետ կոչման ընթացքը, երբ Կա ր դ ի ն ա լ Ամ ա թ օ Սր բ ա զա ն Պ ա պ ի ն ներկայացուց Նարեկացիի վաստակն ու հրաշագործութիւնները, եւ իր կարգին՝ Պա- պը կարդաց հռչակագիրը որ Նարեկացին կը դասէ Տիեզերական Վարդապետի կոչումին: Ս. Պատարագին ու արարողութիւննե- րուն ընկերակցեցան հայկական եւ լատի- նական երգեցողութիւններ, Ս. Պետրոս հսկայ տաճարը եւ շրջակայ ընդարձակ հրապարակը լեցնելով հայ եկեղեցւոյ հոգե- պ ա ր ա ր ե ր գե ր ո վ ե ւ ե ր ա ժշ տ ո ւ թ ե ա մ բ : Նշենք նաեւ թէ միլիոնաւոր ժողովուրդներ աշխարհի չորս կողմերուն, թէ’ պատկերաս- փիւռով եւ թէ տեսահոլովակով մասնակից եղան արարողութիւններուն ու մանաւանդ ընկալեցին հոգեւոր պետերուն պատգամները: Այս պատմական իրադարձութենէն միայն քանի մը ժամ ետք Թուրքիոյ Արտաքին գոր- ծերու նախարարը ետ կանչեց իր դեսպանը վատիկանէն, որպէս բողոք Հայոց Ցեղաս- պանութեան հաստատումին: Մեր նահատակները տուին իրենց գերագոյնը՝ իրենց կեանքը: Իրաւունք չունինք ումպէտս վատնելու այդ ամենաթանկ աւանդը Հալէպի իրավիճակը աւելի կը վատթարանայ Առաւել քան երեք շաբաթ է Հալէպի մէջ համացանցերը չեն գործեր, հոսանքը եւ ջուրը քաղաքին մէջ ընդհատում- ներով կու գայ, հետեւաբար նաեւ հայկական համայնքի լրատուական կայքերը։ Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գոր- ծակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ վերջին շրջանին եւ յատ- կապէս Ապրիլ 11-ին, էրտողանի վարչակարգի հետ կապ ունեցող ահաբեկչական խմբաւորումները մեծ թիւով ռում- բեր եւ հրթիռներ արձակած են Հալէպի Սուլէյմանիէ եւ Սէյէտ Ալի բնակելի թաղամասերու ուղղութեամբ, որ պատ- ճառած է 8 զոհ եւ 47 վիրաւոր: Միւս կողմէն ոստիկանական աղբիւրները յայտած են, որ ահաբեկիչները դիրքաւորուած են Հին Հալէպի մէջ եւ շարք մը հրթիռներ արձակած են Քալլաս, Ուսրա Ալ Սայիտէ եւ Ալ Ռամ եւ Սէյէտ Ալի փողոցներու, ինչպէս նաեւ Սուլէյմանիէ հայաբնակ թաղամասի վրայ: Յիշենք, որ ահաբեկչական գործողութիւնը նաեւ նիւ- թական լուրջ վնասներ հասցուցած է: Սուլէյմանիէ հայա- բնակ թաղամասի մէջ չորս շէնք ամբողջութեամբ քան- դըւած է, քանդուած շինութիւններու տակէն դուրս հանած են երեխաներ ու կանայք։ Ս. Վրացեան կեդրոնը, ուր ժա- մանակաւորապէս տեղափոխուած է Ազգային առաջնոր- դարանը, կրած է նիւթական լուրջ վնասներ, տեղի արխիւ- ները ապահովելու գործով դէպքի վայր հասած երիտա- սարդներ եւ վիրաւորուած են, բարեբախտաբար արդէն ներկայիս դուրս եկած են հիւանդանոցէն, կան եօթը հայ վիրաւորներ, որոնց կեանքին բարեբախտաբար վտանգ չի սպառնար, սակայն նիւթական վնասները շատ մեծ են։ Այժմ՝ Հալէպ գտնուող մեր հայ ժողովուրդին մէջ անո- րոշութեան եւ վախի զգացում կը տիրէ: Ատամ Շիֆ՝ Պապի յայտարարութեան մասին
  • 2. <abajaj;rj Hebdomadaire Arménien Armenian Weekly ISSN 0382-9251 Publié par /Published by Le Centre de Publication Tékéyan 825 rue Manoogian, Saint-Laurent, Québec H4N 1Z5 Tél: (514) 747-6680 • FAX: (514) 747-6162 e-mail: abaka@bellnet.ca www.tekeyanmontreal.ca PM40015549R10945 TPS/GST – R119209294 • TVQ/PST #1006268699 2 • ABAKA • LUNDI 20 AVRIL 2015 - MONDAY APRIL 20, 2015 Canada 2nd Class $80 (QC & ON) 1ère classe/first class $90 U.S.A. 1st class (US)$90 Autres pays/Other countries: 1st class (US)$120 Per issue $1.75 Dépôt légal: Bibliothèque du Québec ABAKA Patas.anatou .mbagir^ AU:TIS PAGGAL:AN ’anouzoumn;rou% nouiratououjiunn;rou ;u gras;n;aki patas.anatou^ SALBI MARKOS:AN Joronjoi patas.anatou^ MATAJ B& MAMOUR:AN “We acknowledge the financial support of the Government of Canada through the Canada Periodical Fund (CPF) for our publishing activities.” Նախագահ Սարգսեան 7 Ապրիլի առթիւ ուղերձ Հրապարակեց Հայաստանի Հանրապետու- թ ե ա ն ն ա խ ա գա հ Սե ր ժ Սա ր - գըսեան Ապրիլի Եօթի «մայրու- թեան եւ գեղեցկութեան» տօ- ն ի ն ա ռթ ի ւ շ ն ո ր հ ա ւ ո ր ա կ ա ն ուղերձ հրապարակած է: Նշենք, որ ուղերձին մէջ նախագահը բարձր գնահատած է հայ մայ- րերուն վստահուած դերը  առողջ, կիրթ եւ հայրենասէր սերունդ պատրաստելու գործին առըն- թեր: Նախագահը նաեւ ըսած է, ո ր   Հ ա յ մ ա յր ը պ ա տ մ ո ւ թ ե ա ն ողջ ընթացքին ցոյց տուած է սխրանքով լեցուն կեցուածքներ եւ նոյնիսկ հարիւր տարի առաջ աքսորի եւ  գաղթի ճանապարհ- ներուն վրայ չէ մոռցած մահուան անապատներու աւազներուն վ ր ա յ ա յբ ո ւ բ ե ն ը գր ե լո վ   ա զ- գային ոգի ներարկել եւ փրկու- թեան ու վերապրումի անուրա- նալի  պատգամներ  յղել բոլոր սերունդներուն: Այս Ապրիլը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամ- եակն է... : Հայու գոյատեւման պայքարին նոր ան- կիւնադարձ մը, գուցէ նաեւ՝ նոր հանգրուան մը: Ցեղասպանութեան յաջորդող քանի մը տասնամ- եակներու ընթացքին հայ ժողովուրդը իր վէրքերը դար- մանելու եւ իր զոհերը սգալու հանգրուանէն անցաւ յիշատակումի եւ ոգեկոչումի շրջանին, ամբողջ քա- ղաքակիրթ աշխարհին պարզելու համար՝ մոռացման դատապարտուած ահաւոր ոճիրը մարդկութեան դէմ: Ոչ միայն յիշեցինք ու ոգեկոչեցինք մեր անմեղ զոհերը, այլ նաեւ, ի հեճուկս ցեղասպան Թուրք կառավարու- թեան ու անոր ժառանգորդներուն, Ցեղասպանութենէն մազապուրծ մեր որբերը վերապրեցան, ինչպէս վե- րապրողներու այլ բեկորներ հիւրընկալուեցան շրջակայ երկիրներու մէջ, առողջ սերունդ մը հասցուցին ու զօ- րեղ Սփիւռք մը յառաջացուցին: Ի դերեւ ելան թրքական յոյսերը թէ մի քանի սերունդէն հայ Սփիւռքը պիտի ձուլուի ու անհետանայ Եւրոպայի ու Ամերիկաներու խառնարաններուն մէջ, եւ աշխարհը գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար հալած կարագի նման կուլ պիտի տայ պատմութիւնը խեղաթիւրող թրքական նենգափոխու- թիւններն ու զեղծարարութիւնները: Մինչ այդ, Մայրենի մեր հողերու՝ Արեւելահայաս- տանի մէկ փոքր շերտին վրայ վերածնաւ մեր անկախ հայրենիքը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր կողքին ունենալով, իր զաւակներու արեան գնով վե- րածնած, պատմական ու հերոսական Արցախի Հան- րապետութիւնը, գրեթէ քառորդ դարէ ի վեր: Ու Վահան Թէքէեանի տեսիլքով՝ «...յուսա’, դիզուէ’, փոշին լոկ այդպէս պիտի նորէն քար ըլլայ...»: Այո, քարացաւ Հա- յաստանը եւ քարացաւ Արցախը՝ իրենց ահարկու բա- նակով եւ հերոսներով. այլապէս՝ Թուրք-Ազերի վոհ- մակները վայրկեան առաջ պիտի յօշոտէին ու աւերէին Արեւելահայաստանը: Քարացաւ Սփիւռքը ձուլումի դէմ, իր կրթական, մշակութային, հրատարակչական, քաղա- քական, ընկերային կռուաններով ու անձնուէր աշ- խարհական ու հոգեւորական առաջնորդներով, ըլլայ Միջին Արեւելեան, կամ եւրոպական ու ամերիկեան հիւրընկալ երկիրներու մէջ: Ճիշդ է թէ հայ Սփիւռքը, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, նօսրացաւ որոշ չափով, նահանջեց հայ լեզուն զգալի չափով, սակայն կորիզը կը մնայ պինդ ու անտեղիտալի: Հայ Սփիւռքը, բոլոր ժամանակներէ աւելի, կը մնայ թուրքիոյ աչքին փուշը, ու միջազգային հանրութեան հիացումի առար- կան: Այլեւս կեղծիքի քօղը կարող չէ ծառայել որպէս Թուր- քիոյ թուզի տերեւը: Արեւմտեան աշխարհի կարգ մը երկիրներու քաղաքական ու տնտեսական շահերն է որ տակաւին անոնց պետական առաջնորդները կը ստիպեն հանդուրժել շփացած երախային ստորին քմա- հաճոյքները եւ ձեռք մեկնել յոխորտ Թուրքիոյ արիւնոտ ձեռքին: Երբ նոյն երկիրները վայրկեան մ’իսկ չեն վա- րանիր ուրիշ երկրի մը դէմ խմբային պատժամիջոցներ կիրառկելու, չէի՞ն կրնար գոնէ պայմանաւորել Թուր- քիոյ հետ իրենց գործակցութիւնը՝ վերջինիս մարդկա- յին իրաւունքներու ահաւոր բռնաբարութիւնները մեղմացնելով: Ո՞վ որմէ՞ աւելի կարօտ է միւսին օգնու- թեան. Արեւմուտքը Թուրքիայէ՞ն, թէ Թուրքիան՝ Արեւմուտքէն: Մօտ օրէն Անգլիոյ Արքայազն Ֆիլիփը կը մեկնի Իսթանպուլ, Բրիտանական Միացեալ Թագաւորութեան անունով Ապրիլ 24-ին մասնակցելու համար Կալլի- փոլիի նուաստացուցիչ պարտութեան հարիւրամեակի նշումին, քաջատեղեակ ըլլալով որ այդ թուականը բռնազբօսիկ կարգադրութիւն մըն էր Թուրքիոյ կողմէ, նսեմացնելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւ- րամեակը: Եւ ըսել թէ՝ հազիւ քանի մը ամիս առաջ Արքայազնը այցելած էր Լոնտոնի հայկական եկեղեցին եւ հանդիպում ունեցած էր հայ համայնքի ղեկա- վարներու հետ: Զուգադիպութի՞ւն, թէ քաղաքական աչքի փոշի: Անգլիոյ համար կարեւորը՝ Թուրքիան չնեղացնելն է: Հապա՞ հայերը եթէ նեղանան. ի՜նչ փոյթ: Հայաստան ոչ քարիւղ ունի եւ ոչ մէկ վնաս կրնայ հասցնել Թագաւորութեան: Աւելին՝ Անգլիան տակաւին քաջութիւնը չէ ունեցած ընդունելու Հայոց Ցեղաս- պանութեան իրողութիւնը, նոյնիսկ հակասելով ի’ր իսկ պատկառելի պատմաբաններու փաստարկութեան: Բայց Հայաստանը հասած է միջազգային տարողու- թեամբ հաշուի առնուելու մակարդակին, ու անոր քա- ղաքական կարեւորութիւնը տարածաշրջանին մէջ վստահաբար հետզհետէ պիտի աւելնայ: Վերջին մէկ տարուան ընթացքին գուցէ ամենանշանակելի զար- գացումը Հայ աշխարհին մէջ՝ Ցեղասպանութեան Հա- րիւրամեակի առիթով ստեղծուած համահայկական մարմինն է, որ «Հայաստան» Համահայկական Հիմ- նադրամի յաջող փորձին վրայ հիմնուելով իրագործեց աւելի ծաւալուն եւ աւելի հիմնական, աշխարհի բոլոր հայութեան ներկայացուցիչ մարմին մը, կազմակեր- պելու համար հարիւրամեակի նշումներ համաշխար- հային մակարդակով: Վերջերս, այդ մարմինը հրապա- րակեց «Հռչակագիր» մը, որ կը հաստատէ ան ո ր համահայկական ներկայացուցչական հանգամանքը՝ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք, Հայաստանեայց Առա- քելական զոյգ կաթողիկոսութիւններ, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներ: Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի նշումներու աւարտին, այս մարմինը պիտի նուիրուի յանուն բոլոր հայութեան հետապնդելու հայ ժողովուրդի ոտնակոխուած իրաւունքները: Արդէն սկսած են հայկական պահանջատիրութեան ուսումնա- սիրութիւններու եւ օրինական միջոցներով անոնց տի- րանալու բարդ աշխատանքները: Ահա ա’յս է որ մեր գրութեան սկզբնաւորութեան կ’ակնարկէինք Հարիւրամեակին՝ որպէս անկիւնադարձ կամ նոր հանգրուան Հայ Դատի հետապնդման մէջ: Այո, պիտի յիշատակենք եւ պիտի պահանջենք ոչ միայն Հարիւրամեակի առիթով, այլ պիտի շարունակենք մինչեւ ամբողջական յաղթանակ: Յ.Ա. «ԿԸ ՅԻՇԵՄ, ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ» Բրիտանական The Independent- ի յօդուա ծագի ր Ռ ապը րթ Ֆիսք հ ան դ էս ե կած է Հայ ոց Ցեղաս- պանութեան մասին նոր անդրա- դարձով: Անոր մէջ, մասնաւորապէս, կը ներկայացուի որ այսօր «Իսլա- մական պետութեան» առաջխա- ղացման ֆոնին Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ բնակչութիւնը տա- ռապանքներ կը կրէ, սակայն այդ երեւոյթը նոր չէ. 100 տարի առաջ նոյնը կրած են արդէն հայերը: Այսօր «Իսլամական պետութեան» այնպ ի սի ոճի րներու շարքին են քրիստոնեայ կանանց ստրկացումը, եզտիներու կոտորածները, հեղինա- կը կը նշէ նաեւ Տէր Զօրի հոյակապ հայկական եկեղեցւոյ աւերումը, որ կ՛ոգեկոչէր 1915-ի ցեղասպանու- թեան զոհերու յիշատակը: Այս ամէնուն նկատառումով Ֆիսք կ՛առաջարկէ, որ քրիստոնեաներու ողբերգութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ վերաիմաստաւորուի, մանաւանդ` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւ- րամեայ տարելիցի նախաշեմին: Ֆիսք կ՛առաջարկէ ճանչնալ Եղեռ- նը` որպէս ցեղասպանութիւն եւ անոր վերաբերիլ ո՛չ թէ որպէս փոք- րամասնութեան կոտորած Օսման- եան Թուրքիոյ մէջ, այլ քրիստոն- եաներու կոտորած` իրենց կրօնով Շար. էջ 6 Ռապըրթ Ֆիսք. «Քրիստոնեաներու ողբերգութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ Իսլամական Պետութիւնով չսկսաւ»
  • 3. LUNDI 20 AVRIL 2015 - MONDAY APRIL 20, 2015 • ABAKA • 3 Ամէն տարի, Մոնրէալի Մարաշի Հայրենակցական Միութիւնը կը յիշատակէ Փետրուար 1920-ին զոհուած Հայ Մարաշցի Նահատակները, Հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագով։ Այս տարի եւս, 22 Մարտ 2015-ին, Ս. Պատարագը տեղի ունեցաւ Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Եկե- ղեցւոյ մէջ, զոր մատոյց Գերյ. Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեան, որուն ընթացքին «Հաւատամք»-ը երգուեցաւ Մարաշի եղանակով։ Նոյն եկեղեցւոյ Իփէկեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հոգեճաշ մը, որուն աւարտին խօսք առաւ Վերապատուելի Յովհաննէս Սվաճեան` հովիւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ, անդրադառնալով Մարաշի զոհերուն հոգեկան ու ճակա- տագրական վիճակի մասին, հաստատելով Հայ Ազգին մշտատեւ վերելքը եւ յաղթանակը։ Տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ զոր Մոնրէալի Մարաշի Հայրենակցական Միութեան ներկայ վարչութիւնը որոշեց ամբողջութեամբ նուիրել Ս. Յակոբ Ազգային եւ Ալեք Մանուկեան զոյգ վարժարանները յա- ճախող սուրիահայ աշակերտներու դպրոցական պէտքերուն։ 10 Ապրիլ 2015-ին, Մարաշի Հայրենակցական Միութեան ատենապետ Պրն. Համբարձում Անդունեան, ընկերակցութեամբ ՄՀՄ-ի վարչական Տիկին Ալիս Նէրկիզեանի, Միութեան անունով յանձնեց՝ Սուրբ Յակոբ Ազ- գային Վարժարանի ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան Արմէն-Քէպէք Վարժարանի իւրաքանչիւր Տնօրէնութեան՝ երկու հազար գանատական տոլար, որպէս սրտաբուխ մասնակցութիւն Մոնրէալի մէջ սուրիահայ աշա- կերտներու կրթական կարիքներուն։ ՄՀՄ Միութիւն ի Մոնրէալ Օրինակելի նախաձեռնութիւն Մոնրէալի ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ }a.hn^ prn& Fambar]oum Andoun;an% prn& <afh Jana,;an% tik& Alis Nhrkix;an ;u prn& Armhn Pcaqy;an Տարածաշրջանի մէջ կայունու- թեան պահպանման համար կարե- ւոր է Հա յաստանի անդամակ- ցութիւնը Հաւաքական անվտան- գութեան պայմանագիր կազմակեր- պութեան (ՀԱՊԿ): «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ «Միր» հեռուստա- ընկերութեան «Միասին» հաղոր- դ աշա ր ին տո ւած հ ար ցազրոյցի ժամանակ այս մասին նշած է Հա- յաստանի Հանրապետութեան նա- խագահ Սերժ Սարգասեան անդ- րադառնալով տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն եւ Վրաստանի ՆԱԹՕ-ին միանալու ձգտումներուն: «Մենք շատ լաւ յարաբերութիւն- ն եր ու նե նք Վր աս տանի հետ եւ պարտաւոր ենք յարգանքով վերա- բերուել մեր հարեւանի ընտրու- թեանը: Մենք գտնում ենք, որ իւրա- քանչիւր երկիր, տարբեր միութիւն- ներ ընդգրկուելիս կամ իր ազգային գերակայութիւնները սահմանելիս, այնուամենայնիւ, պէտք է ելակէտ ունենայ այն, որ դա բացասաբար չազդի տարածաշրջանում տիրող ընդհանուր իրավիճակի վրայ: Մեր ելակէտն այն է, որ անվտանգու- թիւնն անբաժանելի եւ փոխլրացնող է», -ըսած է նախագահ Սարգսեան: Նախագահին խօսքով 21-րդ դա- րուն այնքան մարտահրաւէրներ կան, որ պետութիւնները պարզա- պէս ի վիճակի չեն միայնակ պայ- քարելու այդ մարտահրաւէրներուն դէմ, եւ միութիւններու մէջ ներ- գրաւուիլը պարզապէս անհրաժեշ- տութիւն կը դառնայ: Հայաստանի նախագահի դիր- քորոշմամբ հիմա ամենակարեւորն այն է, որ Հայաստանի անդամակ- ցութիւնը մէկ միութեան, եւ Վրաս- տանի անդամակցութիւնը կամ համագործակցութիւնը մէկ այլ միութեան հետ չյանգեցնէ մեր տա- րածաշրջանին մէջ տիրող իրադը- րութեան վատթարացման: «Վրաս- տանի դիրքորոշումից չափազանց շատ բան է կախուած մեր երկրնե- րում կայունութեան պահպանման առումով: Ես համոզուած եմ, որ չի գայ այն ժամանակը, երբ մենք վատ յարաբերութիւններ կ’ունենանք Վրաստանի հետ հէնց այդ պատճա- ռով: Կարծում եմ, իրավիճակը նոյն կերպ է ընկալում նաեւ Վրաստանի ղեկավարութիւնը: Վրաստանի ղե- կավարութեան կողմից որեւէ քայլ չենք տեսել, որը կարող էր յան- գեցնել իրավիճակի սրման», -ընդ- գծած է Սերժ Սարգսեան: Նախագահ Սարգսեան. «Մեր ելակէտն այն է, որ անվտանգութիւնն անբաժանելի եւ փոխլրացնող է» Գանատան 24 Ապրիլին Երեւանի մէջ պիտի ներկայանայ երկու նախարարով եւ երեք երեսփոխաններով Գանատական լրատու աղբիւրները կը հաղորդէն, թէ 24 Ապրիլին Երեւանի մէջ կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութեան Գանատան պիտի մասնակցի յատուկ պատուիրակութեամբ. որուն մաս պիտի կազմեն երկու նախարար, երեք խորհրդարանի անդամ եւ Հայաստանի մէջ Գանատայի դես- պանը: Իտալացի խորհրդարանականը. «Աշխարհը դեռ պէտք է ճանչնայ Հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարուած ոճիրը» Ցեղասպանութիւնը, որ պատահած է հայ ժողովուրդի անցեալին մէջ, մեզի՝ բոլորիս համար դաս պէտք է ըլլայ, որ պէտք է յարգել բոլոր ժո- ղովուրդներու ինքնութիւնը, մշակոյթը: Եւ ամէն ինչ պէտք է ընել, որ այն, ինչ պատահած է, այլեւս երբեք չկրկնուի: «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` Ապրիլ 9-ի երեկոյեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի` Իտալիոյ Հանրապե- տութիւն պաշտօնական այցի ծիրէն ներս մատուցուած ընթրիքի ժամանակ նման դիրքորոշում յայտնած է իտալացի խորհրդարանական, ծերակու- տական Էնիլիա Կրացիա տէ Պիազին: «Նախ եւ առաջ, ես բարի գալուստ կը մաղթեմ պարոն նախագահին եւ շատ ուրախ ենք, որ ան որոշած է այցելել Իտալիա: Այս տարի մենք կը նշենք ֆաշիզմէն Իտալիոյ ազատագրման 70-ամեակը, եւ մեզի համար ասիկա շատ կարեւոր իրադարձութիւն է: Գիտեմ նաեւ, որ այս տարի հայ ժողովուրդին համար ալ շատ կարեւոր տարի է, որովհետեւ այս հրաշալի ժողովուրդին, որուն մենք շատ կը սիրենք եւ որուն հետ շատ կապուած ենք, պատահած ահաւոր դէպքերու յիշատակի տարին է… Մեր ժո- ղովուրդները կը կիսեն ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան նոյն արժէքները»,- նշած է ան: Ծերակուտականը գերազանց գնահատած է Իտալիոյ եւ Հայաստանի մի- ջեւ կապերը` այդ գործին մէջ կարեւորելով Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սար- գիս Ղազարեանի դերը: Ծերակուտական Ալպերթինա Սոլիանին իր հերթին նշած է, որ երբ 10 տարի առաջ ինքը նախաձեռնեց բարեկամութեան խումբի ձեւաւորումը, գիտէր, որ այդ քայլով աւելի պիտի խորանան հայ-իտալական յարաբերու- թիւնները, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ Եւրոպայի հետ Հայաստանի յարա- բերութիւններուն` որպէս կամուրջ Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ: Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ծերակուտականը ընդգծած է, որ հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարուած ոճիրը աշխարհը դեռ պէտք է ճանչնայ: «Նոյն այս ժողովուրդը, անկախ ամէն ինչէ եւ իր կրած տառապանքէ, պատրաստ է քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային, ընկերային համագործակցութեան: Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան նախա- գահին ներկայութիւնը Իտալիոյ մէջ կը ներկայացնէ ապագայի հանդէպ յոյս: Ես առիթ ունեցած էի նախագահին հետ հանդիպելու Հայաստանի մէջ, երբ այցելեցի իտալացի խորհրդարանականներու հետ: Այդ այցը շատ տպաւորած է զիս: Երբ նայինք Հայաստանի Հանրապետութեան քա- ղաքական գործիչներուն, անոնց շարքին Հռոմի եւ Վատիկանի մէջ Հայաս- տանի դեսպաններուն, մենք կը զգանք, որ անոնք կը ներկայացնեն Հա- յաստանի փառաւոր պատմութիւնը եւ խաղաղ ապագայի հանդէպ յոյսն ու ձգտումը»,- իր խօսքը ամփոփած է իտալացի խորհրդարանականը:
  • 4. Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած N զօրամասի պահ- պանութեան տեղամասի մարտա- կան դիրքին վրայ, Երեքշաբթի՝ 7 Ապրիլ 2015-ին, հակառակո ր դ ի արձակած կրակոցէն զոհուած է աւագ ենթասպայ, 1972-ին ծնած Հայկ Քէշիշօղլեանը: Դէպքի առթիւ ՀՀ ՔԿ զինուորա- կան քննական գլխաւոր վարչու- թեան մէջ յարուցուած է քրէական գործ ՔՕ 104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 7-րդ եւ 13-րդ կէտերով (այն է` սպանութիւն խումբ մը անձերու կամ կազմակերպուած խումբի մը կողմէ ազգային, ռասայական կամ կրօնական ատելութեան կամ կրօ- նական մոլեռանդութեան շարժառի- թով), կը կատարուի նախաքննու- թիւն, կը տեղեկացնէ Քննակ ա ն կոմիտէի մամուլի ծառայութիւնը: Դեռ Ապրիլ լոյս 6-ի գիշերուընէ հայ ատրպէյճանական սահմանի եւ ղ ա ր ա բ ա ղ ա - ա տ ր պ է յ ճ ա ն ա կ ա ն շփման գիծի երկայնքով հակառա- կորդը բաւականին բուռն կրակա- հերթերով խախտած է հրադադարը կրակելով գիւղերու եւ դիրքերու ուղղութեամբ, ըսած է պաշտպա- նութեան նախարարի մամուլի քար- տուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը: Իսկ Տաւուշի մարզին մէջ, Չո- ր ա թ ա ն ի գի ւ ղ ա պ ե տ Վա ր ո ւ ժա ն Բաղմանեանի խօսքով, առաւօտ- եան կրակած են նաեւ համայնքի խաղողի այգիներուն մէջ աշխատող գիւղացիներուն վրայ. «Առաւօտեան կրակել են, բայց հիմա հանդարտ է, ժողովուրդը` իր գործին»: Ինչպէս Չորաթանի մէջ, այնպէս ալ այլ հայ- կական գիւղերու մէջ զոհեր եւ վի- րաւորներ չեն եղած: Ապրիլ 24-ին Պոլսոյ Սուրբ Աստ- ւածածին Աթոռանիստ մայր եկե- ղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի, յայտարարած է Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փո- խանորդ Արամ արք. Ա թեշեան՝ Սուրբ Զատկուայ տօնակատարու- թեան ընթացքին։ Աթեշեան նշած է, որ 100ամեա- կի ոգեկոչման արարողութիւննե- ր ը պ իտ ի կ այ ան ան միայն Գում Գափուի մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Նկատի առնելով, որ Ապրիլ 23-ին Մայր Աթոռ սուրբ Էջիմածնոյ մէջ պիտի կատարուի Ցեղասպանու- թեան զոհերու սրբադասման արա- րողութիւն, Պոլսոյ Մայր եկեղեցիի ոգեկոչումը պէտք է կատարուի այլ ձեւով. սովորական հոգեհանգստ- ե ան ար ա րողութեան փոխարէն (հոգեհանգստեան կարգ սուրբերու համար չի կատարուիր) ոգեկոչումը պիտի նմանի Վարդանանց սուր- բերուն յիշատակութեան կարգին։ Պատարագը պիտի ձօնուի անոնց յիշատակին ու պիտի հնչեն այս առթիւ ընդու նուած շարական- ներ։ 4 • ABAKA • LUNDI 20 AVRIL 2015 - MONDAY APRIL 20, 2015 Ուորլիք. «Լիայոյս ենք, որ սահմանային գօտիին վրայ հրադադարը կը յարգուի» Ղարաբաղեան հիմնախնդրին քա- ղ աքակ ա ն լո ւծո ւմ ապահովելու համար  ջանքեր գործադրող ԵԱՀԿ-ի Մին սք եա ն խումբի ամ երիկացի նախագահ Ճէյմս Ուորլիք  յոյս յայտ- նած է, որ յառաջիկայ օրերուն սահ- մանին վրայ հրադադարի ռէժիմը կը յարգուի:  Ուորլիք, որ հարցազրոյց մ ը տ ո ւա ծ է ատր պէյ ճանական ԱՊՊԱ լրատուական  գործակալու- թեան շեշտած է, որ  երկու կողմերը խոստումներ տուած են, որ մօտիկ օրերուն շրջանին մէջ տեղի ունենալիք շրջանային բնոյթ կրող միջոցա- ռումներուն,  տօներուն եւ հանդիսութիւններուն ընթացքին սահմանային խաղաղութիւնը կը պահպանուի: Ուորլիք նաեւ խօսած է երկու երկիր- ներու  ղեկավարներուն մինչեւ տարուան աւարտ հանդիպման հնարաւո- րութիւններուն մասին, ըսելով նաեւ, որ մինչեւ այդ հանդիպումը Հա- յաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի հանդիպին պատրաստելու համար նախագահական հանդիպման օրա- կարգը: Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջին դէմքերը այս տարուան ընթացքին ցարդ չեն հանդիպած եւ անոնց  վերջին հանդիպումը կայացած էր Փարիզի մէջ անցնող Հոկտեմբերին, Ֆրանսայի նախագաի Ֆրանսուա Հոլլանտի  Ճիգերով: Հակառակորդի կրակոցէն պայմանագրային աւագ ենթասպայ մը նահատակուեցաւ Պոլսոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ապրիլ 24-ին պատարագ պիտի մատուցուի «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի համագումարը սկսաւ Աղուերանի մէջ Ուրբաթ, 4 Ապրիլ 2015-ին Հայաստանի Կոտայքի մարզի Աղուերան շրջանին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի համագումարին,  որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանանէն հասած ուսուցիչներ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ: Բացման նիստին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Հայերէն ուիքիփե- տիա» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սուսաննա Մկրտչեան: Ան ողջունելէ ետք մասնակիցները նշեց, որ միացեալ գործակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ համախմբել Հայաստանի եւ սփիւռքի կառոյցներու եւ անհատներու ներուժը: Ան անդրադարձաւ եւ շեշտեց «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա» ծրագիրի կարեւորութիւնը, որովհետեւ ըստ կարգ մը տուեալներու արեւմտահայերէնը յայտնուած է մեռնող լեզուներու շարքին, իսկ «Ուիքիփետիա»-ն այն հարթակն է, որ կարելիութիւն ունի լեզուն պահպանելու եւ զայն փրկելու կորուստէ: Սուսաննա Մկրտչեան յայտնեց նաեւ, որ այս դասընթացքը առիթ պիտի տայ պատրաստելու «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի համակարգողներ, որոնք իրենց կարգին պիտի շարունակեն աշխատանքը Լիբանանի մէջ: Նիստին ներկայ եղան նաեւ «Արեւելահայերէն Ուիքփետիայի» խմբա- գիրները, որոնք ներկայացուցին իրենց աշխատանքային փորձառութիւնը այս ծիրին մէջ: Համագումարին ընթացքին մասնակիցները առիթ պիտի ունենան փոր- ձառու «Ուիքի խմբագիրներէն եւ մասնագէտներէն» ծանօթանալու աշ- խատանքի սկզբունքներուն, սորվելու աշխատելաձեւը եւ հմտանալու «Ուիքի»-ի աշխատանքի արհեստավարժութեան: Նշենք, որ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա» ծրագիրը սկսած է 2014- ին, «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ եւ նպատակ ունի «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան» զարգացնել եւ օժտել որակաւոր յօդ- ւածներով: Այս աշխատանքը յառաջ տանելու համար պիտի կազմա- կերպուին Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ ճամբարներ, որոնց պիտի մաս- նակցին նաեւ Լիբանանէն աշակերտներ եւ համակարգողներ: Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիտաժողովը կը խոչընդոտուի «Ակօս» թերթը կը տեղեկացնէ, որ Ապրիլ 26-ին Պոլսոյ Պիլկի համալսա- րանի մէջ Պատմութեան հիմնադրամի եւ UCLA-ի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած` «Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Հասկացողութիւններ եւ համեմատական հեռանկարներ» խորագիրով գիտաժողովին կայացումը խոչընդոտուած է: «Ակօս»-ին յայտնի դարձած է, որ Մարտ ամսուն յայտարարուած այս գիտաժողովը պիտի չկայանայ համալսարանին մէջ: Կ՛ենթադրուի , որ պատճառը գիտաժողովի խորագիրն է: Այժմ գի- տաժողովը նոյն խորագրով մէկ այլ վայրի մէջ իրականացնելու համար փնտռտուք կը կատարուի:
  • 5. LUNDI 20 AVRIL 2015 - MONDAY APRIL 20, 2015 • ABAKA • 5 Ուրուկուէի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած դրոշմաթուղթ թողարկուած է Նախաձեռնութեամբ Ուրուկուէի մ էջ Հայա ս տան ի Հան րապետու- թեան պատուոյ հիւպատոս Պր. Ռու- բէն Աբրահամեանի և Ուրուկուէի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ Արք. Գըլնճեանի, Ապրիլ 7-ին, երկրիս ար- տաքին գործոց նախարարութեան գլխա ւոր հանդիսաս րահին մէջ, ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ռուտոլֆօ Նին Նինպոա- յ ի, զբօ սա շ րջո ւթեան ն ախարար Լիլիան Քէշիշեանի, Մոնթեվիտէոյի ք աղաք ա պ ե տ Ա ննա Օլիվէրայի, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Պր. Ալեքսան Յարութիւն- եանի, ինչպէս նաև երկրի խորհրդա- րանէն բազմաթիւ պատգամաւոր- ներու, Ուրուկուէյի մէջ դիւանագի- տական ներկայացուցիչներու և մեծ թիւով ներկաներու, տեղի ունեցաւ Ուրուկուէյի փոստ հեռագրատան պետական կառոյցի կողմէ լոյս ընծայուած յատուկ դրոշմաթուղթի պաշտօնական ներկայացումը, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100- ամեակին: Ուրուկուէի արտաքին գործոց նախարար Նինպոա հաստատեց իր անվերապահ զօրակցութիւնը Հայ Դատին և Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին ի նպաստ տարուող աշխատանքներուն, Ուրուկուէյի պետութեան անշահախնդիր աջակցութեան: Բոլոր խօսք առնող անձնաւորութիւնները, զբօսաշրջութեան նախա- րարը, գաղութի առաջնորդ սրբազանը, Փոստ Հեռագրատան տնօրէնը, հաստատեցին թէ Ուրուկուէյը իբրև մարդու իրաւունքներու առաջա- մարտիկ, միշտ հայ ազգի կողքին պիտի մնայ իր արդար իրաւունքներու ձեռք բերման պայքարի մէջ: Վերջ ա ւո րութեան ն որ դրոշմաթուղթերը կնքուեցան և առաջին օրինակները յանձնուեցան կարգ մը պաշտօնական անձնաւորութիւննե- րու: Արա Գէորգեան. «Մեր մշակութային գանձարանի շնորհիւ պէտք է յարգեն մեզ» Երկրագունդի վրայ կ՛ապ ր ի ն բազմաթիւ ազգեր, որոնք իրարմէ կը տարբերին: Երգահան Ար ա Գէորգեան կը կարծէ, որ ազգի մը դաստիարակութեան առաջին գրա- ւականը իր ազգային երեւոյթներու պահպանումն է: Ազգային մշակոյ- թով և ազգային աւանդութիւննե- րով է, որ պէտք է արժանանանք ամբողջ աշխարհին հետաքրքրու- թեան: «Մենք պէտք է մեր վարկանիշով բարձրանանք մնացած ազգերէն, քաղաքակիրթ աշխարհի մէջ պէտք է կարենանք առանձնանալ, որպէս- զի յարգեն մեզ, իսկ այդ մ էկ ը կրնանք իրականացնել միայն մեր ազգի մտաւոր կարողութիւններու, մտաւոր հարստութեան, մշակու- թային գանձարանին շնորհիւ: Մեր պապերը մեզի ձգած են հարուստ արժէքներ, մշակութային գանձեր և մենք պարտաւոր ենք այդ մ էկ ը բարձր պահել»,- ըսած է Ար ա Գէորգեան: Իսկ, թէ մեր երկրի մշակութային գանձերը պահպանելու գծով ի՞նչ աշխատանքներ կը տարուին, Արա Գէորգեան նշած է, որ կան անհա- տական ջանքեր, որոնք կը փորձեն պահպանել մեր մշակութային ժա- ռանգութիւնը: «Այսօր ֆինանսներու խնդիր կայ, քիչ կը հովանաւորուին, բայց պէտք չէ ամէն ինչ բարդել պետութեան վրայ։ Ամէն մարդ, որ սկսի իր գործը լաւ կատարելու, թերեւս կարենանք այդ խնդիրը լուծել»,-ըսած է երգա- հանը: Խօսելով ազգային մշակո յթ ը այսօր ճիշդ ներկայացնելու և մա- տուցելու մասին` երգահանը նկա- տած է, որ պէտք է յաճախակի ներ- կայացնել և խօսիլ մեր ազգային երաժշտութեան հիմնադիրներուն մասին: «Եթէ մենք այդ մարդոց չենք ցու- ցադրեր, ապա այսօրուան երգիչը ուրկէ՞ պիտի երգել սորվի, որմէ՞ պէտք է սորվի ճիշդ ներկայացնել: Եթէ անցեալէն ոչինչ կը բերենք ներկայ ժամանակահատուածին, ա պ ա բ ն ա կ ա ն է, ո ր ե ր գի չն ե ր ը պ ի տ ի ե ր գե ն ա յն , ի ն չ ի ր ե ն ց կ ը թելադրէ այսօրուան ճաշակը: Որոշ երգիչներ ալ կ՛օգտագործեն դրացի երկիրներու երաժշտական մեղեդի- ները, որ ըստ ինծի՝ ճիշդ չէ»,- նշած է Արա Գէորգեան և աւելցուցած, որ իրենք իրենց յարգող երգիչ-երգչու- հին երբեք չեն երգեր ցած մակար- դակի երգեր: «Մեր երկրին մէջ կան որակեալ երգիչներ, որոնք երբեք իրենց դէմ- քը չփոխեցին, չգացին հարսանիքի և շահի ետեւէն ու պահպանեցին իրենց դէմքը»,- եզրափակած է եր- գահան Արա Գէորգեան: Հեղինակ՝ Անի Բաղդասարեան Թարգմանիչ՝ Անի Բրդոյեան Ապրիլ 9-ին, Ազգային ժողովին մէջ տեղի  ունեցած է Հայոց Ցեղաս- պանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յուշարձանի բացման արարողութիւնը, որուն մասնակ- ցած են ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեան, փոխնախագահ Էդ- ւարդ Շարմազանով, Աժ պատգա- մաւորներ, աշխատակազմի ներկա- յացուցիչներ: Այս մասին կը յայտ- նեն ԱԺ մամլոյ ծառայութենէն: ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սա- հակեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով բացուող յուշար- ձան-ցայտաղբիւրի ծնունդը մեր պատմութեան ամենաողբերգական էջի իւրատեսակ ընդհանրացումն է: ԱԺ նախագահի խօսքով` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարե- լիցը որոշակի սահման է` յանցա- գործութեան եւ մարդասիրութեան միջեւ, անցեալի եւ ապագայի միջեւ, պատմութեան եւ յիշողութեան մի- ջեւ: Գալուստ Սահակեան փաստած է, որ Ազգային ժողովի բակին մէջ տե- ղադրուած յուշարձանը ապագայի ուղղուած ուղերձ է, Ցեղասպանու- թիւնը վերապրած ու լաւատեսու- թիւնը չկորսնցուցած ժողովուրդի ուղերձը: Յուշ ա րձ անի բ աց ումէն ետք Ազգային ժողովի նախագահը եւ պատգամաւորները 100 խորհրդա- նըշական ծառ  տնկած են խոր- հըրդարանի այգիին մէջ` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն: Խօսելով Ազգային ժողովի այգիին մէջ տնկուող խորհրդանշական հարիւր ծառի մասին`  ազգային ժողովի նախագահը այդ ծառերը համարած է յաղթանակներ կեր- տելու շարունակական աւանդոյթին հաւատարիմ մնալու հաստատուն վկայութիւն: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յուշարձանի բացում եւ ծառատունկ տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի բակին մէջ Թուրքիոյ «Ժամանակակից Իրաւաբաններու Միութիւնը» ներողութիւն խնդրած է Հայերէն Թուրքիոյ «Ժամանակակից իրաւաբաններու միութեան» (ԺԻՄ-ÇHD) իզմիրեան մասնաճիւղը ներողութիւն խնդրած է հայերէն` Հայոց Ցե- ղասպանութեան համար: Այս մասին ermeni- haber.am-ին հաղորդած է թրքական «demokratha- ber.net» լրատուական կայքի թղթակից Հրանդ Գասպարեան: Ապրիլ 9-ին Իզմիրի փաստաբաններու պա- լատի ծրագրած «Ընդդէմ Հայոց Ցեղասպանու- թեան պնդումներուն. վերջ տանք հարիւրամեայ սուտին» խորագիրով ժողովը բողոքի ալիք բարձրացուցած է Իզմիրի իրաւաբաններու շրջանին մէջ: Ի պատաս- խան պետական ժխտողական քաղաքականութիւնը որդեգրած փաս- տաբաններու պալատի նշեալ  նախաձեռնութեան` Իզմիրի ԺԻՄ-ը հրա- պարակած է յայտարարութիւն մը, որով ճանչցած է Հայոց Ցեղաս- պանութիւնը եւ ներողութիւն խնդրած հայ ժողովուրդէն: Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուի. «Իզմիրի փաստաբաններու պալատը 2015թ. Ապրիլ 9-ին «Ընդդէմ Հայոց  Ցեղասպանութեան պնդումներուն. վերջ տանք հարիւրամեայ սուտին» խորագիրով ժողով կը կազմակերպէ: Իրաւաբանական կազմակերպութեան կողմէ մարդկութեան դէմ իրա- կանացուած այնպիսի յանցագործութեան թեմայով, ինչպիսին ցեղաս- պանութեանն է, պաշտօնական գաղափարախօսութեան տարածումն ու ազգայնամոլութեան թոյնի գովազդումը մեզի հարկադրեցին հանդէս գալու յատուկ յայտարարութեամբ: Անկէ հարիւր տարի առաջ Օսմանեան կայս- րութեան մէջ հայերու նկատմամբ «Տեղահանութիւն» անուան տակ իրա- կանացուած գործողութիւնը ցեղասպանութիւն էր: Իբրեւ Իզմիրի փաստաբաններ` մենք թոյլ չենք տար, որպէսզի քօ- ղարկուի կամ մոռցուի հայ ժողովուրդին հանդէպ իրականացուած Ցե- ղասպանութիւնը: Մենք հայ ժողովուրդէն ներողութիւն կը խնդրենք այն փաստաբաններու պալատի անունէն, որուն անդամ ենք»:
  • 6. 6 • ABAKA • LUNDI 20 AVRIL 2015 - MONDAY APRIL 20, 2015 ԱՌԱՋԱՐԿ Որպէսզի չընդհատուի երթը Մեծ եղեռնի հարիւրամեակը եթէ ուրիշ ոչ մէկ օգուտ ունենար, ոչ մէկ յաւելեալ ճանաչում ապահովէր Հայոց ցեղասպանութեան, ոչ մէկ քաղաքական յառաջընթաց արձանագրէր Հա- յաստանի ու իր թշնամի դրացիներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու տեսակէտէն, մանաւանդ հայկական պահանջատիրութեան գոհացում տալու առումով, միայն այն իրողու- թիւնը, որ Հարիւրամեակը ազգովին կը նշենք, միասնաբա՛ր կը նշենք՝ ինքնին նուաճում մըն է, որ ամեն կերպով պէտք է պահպանել։ Ճիշդ է, երեւոյթը աննախընթաց չէ, բայց մասամբ միայն աննախընթաց չէ, քանի որ ոչ մէկ ատեն այսպիսի զօրաշարժի ենթարկուած է Հայաշխարհը՝ Հայաստան ու Սփիւռք՝ միացեալ ուժերով նշելու համար այս կարեւոր թուականը։ Ի վեր ջ ո յ ա ռաջին անգամ ըլլալով ամբողջ հայութիւնը, իր բոլոր կողմերով՝ կազմակեր- պութիւններով, եկեղեցիներով եւ պետութեամբ, աշխարհին ներկայացուց իր պահանջագիրը՝ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիրը»։ Հարիւրամեակի միջոցառումները կազմա- կերպուեցան ու կը կազմակերպուին ոչ միայն համահայկական մակարդակի վրայ, այլեւ իւրա- քանչիւր գաղթօճախի մէջ, միեւնոյն համերաշ- խական ոգիով, որուն շնորհիւ ամեն տեղ տար- բեր կողմերու պատկանող կամ որեւէ կողմի չպատկանող հայորդիներ իրենց ներդրումը բե- րելու, աշխատանքներուն մասնակից դառնալու առիթ ունեցան եւ պիտի ունենան, այսպիսով նաեւ աւելի բացայայտ դարձնելով մեր մարդու- ժը։ Յաճախ իրարու անծանօթ ազգակիցներ գործակցեցան, ճանչցան զիրար, ամրացաւ իրենց մէջ մէկ ամբողջութեան մը պատկանելու գիտակցութիւնը։ Կրնա նք չգոհան ալ այդ եղածով, կրնանք տկարութիւններ կամ թերիներ տեսնել կատար- ւած ու կա տարուող աշխատանքներուն ու աշխատելակերպին մէջ, սակայն չենք կրնար նսեմացնել երեւոյթին կարեւորութիւնը։ Ամեն գնով պահպանե՛նք այս իրագործումը եւ ժամանակաւոր կառոյցը վերածենք մնայունի։ Տակաւին չենք հասած հոն, որ ունենանք հա- մահայկական խորհրդարան, չենք հասած հոն, որ Սփիւռքի հայութեան ձայնը լսելի դառնայ համայն հայութեան ճակատագրին վրայ ազդող որոշումներու կայացման մէջ, բայց այս Հա- րիւրամեակի կեդրոնական միացեալ յանձնա- խումբի ու տեղական յանձնախումբերու գոյա- ցումը ճիշդ քայլ մըն է այդ ուղղութեամբ ու դժուար պէտք չէ ըլլայ երկարաձգել անոնց կեանքն ու առաքելութիւնը, մանաւանդ որ կազմակերպական նոր կառոյց մը չէ, որ կ՚աւել- նայ մեր իրականութեան մէջ, այլ առկայ կազմա- կերպութիւններու համագործակցութիւնը կ՚ամ- րապնդուի։ Այս կառոյցը տկար կառոյց մըն է, քանի որ չունի մանրամասնեալ կանոնագրու- թիւն, բայց ուժեղ կառոյց մըն է, քանի որ խարսխուած է ընդհանրական կամեցողութեան վրայ։ Եթէ պէտք է, կարելի է բարեփոխութիւններ բերել այդ կառոյցին մէջ, այնպէս ընել, որ ոչ ոք դուրս մնայ անկէ, որ իւրաքանչիւր հայորդի այնտեղ իր ձայնը հասցնելու միջոցն ու դիւ- րութիւնը ունենայ, առանց որ ատիկա խանգարէ մասնակից կողմերու համերաշխութիւնը։ Կարե- ւորը՝ այդ կառոյցը պահպանել ուզելու ցանկու- թիւնն է։ Իսկ ինչո՞ւ պահպանել այդ կառոյցը։ Ի՞նչ պիտի ընէ ան՝ Հարիւրամեակէն ետք, անկէ անդին։ Ի՞նչ առաքելութիւն պիտի ունենայ ան։ Առաջին հերթին, ինչպէս գրեցի սոյն յօդուա- ծաշարքի նախորդ մասերուն մէջ, հաւաքել ու մատչելի դարձնել Հարիւրամեակի աշխատանք- ներու պատումն ու արձագանգները։ Ապա վերլուծել զանոնք, կշիռի վրայ դնել առաւելներն ու պակասները, քաղել անհրաժեշտ դասերը։ Բայց մանաւանդ, պատմութեան փոխանցել այդ բոլորը ու ջատագովը հանդիսանալ մեր գաղ- թօճախներու ներկայի, այլեւ անցեալի ու ապա- գայի կեանքի արձանագրումին, առանց որուն մեր բոլոր ճիգերը վաղանցուկ գոյութիւն մը կրնան ունենալ։ Բայց այս միացեալ յանձնախումբերը ատկէ անդին ալ անցնելով, կրնան դիւրացնել մեր ապագայ գործունէութիւնը, նախապատրաս- տըւիլ գալիք ամեակներու ոգեկոչման, այլ միջո- ցառումներու կազմակերպման, մանաւանդ այսօր մեզի տակաւին անյայտ՝ նո՛ր կացութիւն- ներու դիմագրաւման։ Սուրիոյ հայութեան պա- րագան նախանշան մը կրնայ հանդիսանալ... Մենք պատրաստ ըլլալու ենք։ Իսկ այդ պատրաստութիւնը կ՚ենթադրէ առա- ջին հ ե ր թ ի ն մ ե ր ն ե ր ո ւ ժի ճ ա ն ա չո ւ մ ը ։ Ո՞ վ ունինք, ո՞ւր ունինք, սկսեալ բոլոր մարզերու մէջ մեր կամաւորական բանակէն մինչեւ ամենէն բարձր մասնագիտական ուժերը։ Ապա՝ ո՞վ կը ճանչնանք։ Ի՞նչ է մեր յարաբերութիւններու ցանց ը ։ Դ ա ր ձե ա լ՝ բ ո լո ր մ ա ր զե ր ո ւ ն մ էջ , այսին քն ՝ ո չ մ ի ա յն քա ղ ա քա կ ա ն , ո ր խ ի ս տ անհրաժեշտ է, այլեւ մտաւորական-կրթական- մշակութային ոլորտներուն մէջ, մանաւանդ հանր ա յի ն կ ա ր ծի ք յա ռա ջ ա ցն ո ղ մ ա մ լո յ աշխատակիցներու շրջանակներուն մէջ։ Ունի՞նք այդ բ ո լո ր ի ն ցա ն կ ե ր ը , ա ր ա գ հ ա ս ա ն ե լի , անմիջական օգտագործման դիւրութեամբ։ Այդ պ ա տ ր ա ս տ ո ւ թ ի ւ ն ը կ ՚ ե ն թ ա դ ր է ն ա ե ւ համահայկական առումով թէ տեղական մա- կարդակներու վրայ մեր խօսքը տեղ հասցնելու դիւրութիւններու ստեղծումը։ Տասը հազար թէ հարի ւ ր հ ա զա ր հ ա յո ր դ ի ս տ ե ղ ն ա շ ա ր ի մ էկ տկկոցով ոտքի հանել կարենալու միջոցները։ Նոյն ձեւով միլիոնաւոր քաղաքացիներու հաս- նելու եւ մեր խօսքը լսելի դարձնելու կարելիու- թիւնը։ Մասնագիտական ամենէն յառաջացած արհեստագիտութեամբ։ Եւ ա յդ բ ո լո ր ը ա ռա ն ց վ ա յր կ ե ա ն մ ը տ ա - տամսումի իրագործել կարենալու նիւթական կռուանները։ Պիտի հարց տաք՝ արդէն չե՞ն կատարուիր այս բանե ր ը ։ Ի՞ ն չ կ ՚ ը ն ե ն մ ե ր կ ա զմ ա կ ե ր պ ո ւ - թիւնները, եկեղեցիները, Հայ դատի յանձնա- խումբերն ու մասամբ նորին։ Անշուշտ բոլորը կը ճգնին այդ առաջադրանքներէն մաս մը, մասնիկ մը իրագործելու, իւրաքանչիւրը իր սահմա- նափակ մարդուժով ու միջոցներով։ Առաջարկս այդ մարդուժն ու միջոցները հա- մազգային մակարդակի վրայ համախմբել է։ Իսկ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի միաց- եալ յանձնախումբերու յառաջացուցած ժամա- նակաւոր կառոյցներն ու կը յուսամ մնայուն ոգին լաւագոյն երաշխիքն են, որ մեր երթը ոչ միայն չընդհատուի, այլեւ նոր թափ ստանայ։ ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Ռապըրթ Ֆիսք... Շար. էջ 2-էն պայմանաւորուած: Ֆ ի ս ք կ ը ն կ ա տ է, ո ր հ ա յե ր ո ւ կոտորածները զուգահեռներ ունին այսօր ԻՊ-ի կողմէ իրագործուող քայլերուն հետ. այն ժամանակ ալ տղամարդիկ կը կոտորուէին, կա- նայք կ՛ենթարկուէին խմբակային բռնաբարութիւններու, անոնց կը հ ա ր կ ա դ ր էի ն կ ր օն ա փ ո խ ը լլա լ, երեխաները ողջ – ողջ կ՛այրէին: Հայերու ապրածէն այս դրուագները ներկայացնելով` Ֆիսք կ՛արձանագ- րէ, որ «Իսլամական պետութեան դաժանութիւնը նորութիւն չէ»: Ըն դ հ ա ն ր ա ցո ւ մ կ ա տ ա ր ե լո վ ` հեղինակը կ՛արձանագրէ, որ «Իսլա- մական պետութեան» եւ 1915-ի օս- մանեան թուրքերու միջեւ կայ ընդ- հանրութիւն. երկուքի պարագային ալ բռնութիւնը հիմնուած է գաղա- փարախօսութեան վրայ»: Իսկ այ- սօր իսլամիստներու ձեռքին յայտ- նըւած արաբական աշխարհի մէկ մասի ողբերգութիւնը հեղինակը կ՛անուանէ «Պիպլիական տարողու- թեամբ ողբերգութիւն»: Անդրադարձին կից հրապարակ- ւած է նաեւ թուրք զինուորական- ներու լուսանկարը գանգերու հետ` հայկական Շէյխալան գիւղին մէջ` 1915-ին: Դանիէլ Վարուժան աշակերտի մը աչքերով Ոմանց համար որքա՜ն ձանձրացուցիչ է հայերէն յօդուած մը աչքէ անցնել, մանաւանդ երբ այդ ըլլայ հայ բանաստեղծի կամ գրական դէմքի մը մասին. առաւե’լ մանաւանդ, երբ գրուած է գրքի մը մասին, որ հրատարակուած է 50 տարիներ առաջ: Ներելի չէ, սակայն հասկնալի...: Կ’ըսուի թէ՝ «Օրը մի քննադատեր իրիկուն չեղած» կամ ձանձրոյթի մի նախապատրաս- տըւիր, յօդուածին աւարտիչ վերջակէտէն առաջ: Ուրեմն. 144 էջնոց, կոկիկ գիրք մը պարզ այլ խորունկ ոճով գրուած, ուր հազուագիւտ տեղեկութիւններու հետ խառնուած են զգայուն ու ազգային զգացումներ: Խօսողը Առաքել Պատրիկն է «Դանիէլ Վարուժանն իմ յուշերում»ի արձագանգով: Առաքել Պատրիկ՝ (Առնօ) ըլլալով մեծ բանաստեղծի ե րա խ տ ա գէտ աշակ երտը, բացայայտած է անոր կեանքի այն ժամանակաշրջանին մասին, որ քիչ բան գրուած է: Վարուժանի ուսուցչական ժամանակաշրջանն է այդ, Սեբաստիայի ազգային Արամեան վարժարանին մէջ: Հոն Պատրիկ կը ներկայացնէ իր ուսուցիչը իբրեւ մեծ բանաստեղծ, ժամանակակից Սիամանթոյի, Կոմիտա- սի, քաջատեղեակ ֆրանսերէնի եւ իտալերէնի: Իր դասընթացքներուն մէջէն կը նկատենք Վարու- ժանի հմտութիւնը քաղաքական-տնտեսական մարզին մէջ, ուր «Կանտ»ի համալսարանին մէջ, ա’յդ ալ ուսա- նած էր: Տաղանդաւոր բանաստեղծ՝ Վարուժանի եւ խարտի- շահեր աշակերտուհի՝ Արաքսիի միջեւ սիրոյ հրայրք մը ծագում կ’առնէ անձնական դասաւանդութիւններու ըն- թացքին: Հակառակ ծնողքներու արգելքներո ւ ն , հակառակ այդ ժամանակաշրջանի սկզբուն- քային սովորութիւններուն, մանաւանդ Վա- րուժանի եւ նախապէս նշանուած Արաքսիին միջեւ կեանքի կենցաղային տարբերութեան, ոչ ոք կարողութիւնը կ’ունենայ կտրելու այդ սիրոյ շղթան: Եւ ահա կը հասնինք գիրքին վախճանին: Առաքել Պատրիկի լեզւով «Ոգե- կոչում»: Այս վախճան չէ’, այլ ցնցող պոռթ- կումներով, հայրենասէր զգացումի հոյլ մը: Գունաւոր արտայայտութիւններու հաւա- քածոյ մը ուր գեղեցիկը աւելի կը փայլի, իսկ փայլունը կը դառնայ մեծասքա’նչ: Պատրիկ գողտրիկ ու անկեղծ բառերով, նախ կը դպչի հայու սրտին, բայց հետզհետէ աւելի ուժեղ ոճով թռիչք կու տայ ընթերցողին մտքին ու երեւակայու- թեան՝ դէպի հայրենիք: Ինչպէս գոցել գիրքը առանց սրբելու թրջուած էջերը: Այո’: Ան կարծես կը խօսի Վարուժանի հետ.- «մեր դարաւոր իմաստութեան նշխարների գանձարանին՝ մեր շքեղ Մատենադարանին» մասին. «Տաճարանման մեր պետական օբերային» մասին, «որով կարող է պարծենալ եւրոպական որեւէ մայրաքաղաք... ուր կը հնչեն հայկական ժողովրդական երգերը՝ Կոմիտասեան հանճարէն...»: Պատրիկ խօսքը ուղղելով Վարուժանին կը գոչէ.. «հրա՞շք: Այո’, սիրելի վարպետ, ամէն երեւա- կայութեան գերազանցող մեր ներկայի իրականութիւնն է դա, քսաներորդ դարի հրաշալիքը... անմահ Վարու- ժան, խմի’ր յաւերժական Հայաստանի կենացը՝ ուղեր- ձելով նրան քո վաղեմի երգը. «Ինչ փոյթ իմ կեանքը մեռնող, Երբ որ երազն իմ կ’ապրի, Երբ երազն իմ անմահ է...»: ՊԵՐՃ ԳՈԳՈՐԵԱՆ
  • 7. LUNDI 20 AVRIL 2015 - MONDAY APRIL 20, 2015 • ABAKA • 7 «Տիեզե՛րք, գլուխ խոնարհի՛ր հայ նահատակութեան առաջ, նա քաւութեան նոխազ եղաւ քո ոճիրների համար։» աւետիք Իսահակեան ԵՂԵՌՆ ԵՒ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ Պ ա տ մ ութիւնը կ ’ապրի մեզմէ իւրաքանչիւրիս մէջ։ Մենք չենք կրնար մոռնալ այդ պատմութիւնը. Այդպէս կը հրամայեն անմահները.... Պատմութեան անդրադարձումը անհրաժեշտ է ոչ միայն պատմու- թեան համար, յանուն սոսկ պատ- մ ակ ա ն ճշ մարտո ւթեան վերա- կանգնման։ Պ ա տ մ ութիւնը կը խօ սի նաեւ ժամանակակիցներու հետ, կը դառ- նայ անոնց կենսամտածողութեան բաղադրիչ մասը, հասարակական- բարոյական հասկացողութիւններու բարդ համակարգի մը թելադրիչը։ Պատմութիւնը չենք կրնար աղա- ւաղել, քմահաճ «վերակառուցել», իւրովի «շարադրել», որովհետեւ այն իրողութիւն է արդէն եւ կայ։ Ու չենք կրնար բացասել, որ պատմութեան ճշմարտութենէն վախցող մարդիկ միշտ ալ ձգտած են եւ կը ձգտին նենգափոխել փաստական իրողու- թիւնները։ Պատմութեան ճշմարտութիւնը միշտ ալ անողոք է եւ ոչ մէկ ճիգ չի կրնար այն մթագնել։ Նոր պատմութեան ամենասեւ էջը հայկական եղեռնն էր։ 1915 թուական. Ապրիլ ամիս ... Հայկական Եղեռնի սեւ թուա- կանը, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը տեղահանուեցաւ եւ տարագրու- թեան մռայլ ճանապարհներու վրայ նահատակուեցաւ, գերեզման ունե- ցաւ անապատներուն մէջ, կիրճե- րուն ու ձորերուն մէջ։ Հինգ տ ա րի շարունակ, գետի նման հոսեցաւ արիւնը մեր ժողո- վուրդի այն հողերուն վրայ, որ ան հազարամեակներով ապրած, աղօ- թած, ստեղծագործած ու կերտած էր։ 1915 թուական. Ապրիլ ամիս ... Այդ այն արիւնոտ թուականն էր, երբ Արեւմտեան Հայաստանի քա- ղաքներուն ու գիւղերուն մէջ, օրը ցերեկով, ցեղասպանութեան մշակ- ւած ա մե նա ն ուրբ մեթոտներով, Երիտասարդ Թուրքերը կը մորթո- տէին աշխարհի ամենահին ժողո- վուրդներէն մին՝ հայ ժողովուրդը, որն իր քրիստոնէական մշակոյթով, լեզուով, արուեստով ու գրականու- թեամբ իր ազատատենչ ու լուսա- բ աղ ձ հ ոգո ւ ձգտումներով, քիչ վաստակներ չունի քաղաքակիրթ մարդկութեան առջեւ։ Այդ ըստ էութեան պատմութեան մ էջ ա ռ ա ջ ի ն մեծ ցեղասպանու- թիւնն էր, որուն զոհ գացին շուրջ մ էկ ու կ էս միլ իոն մ արդ, այն ալ ամենավայրագ եղանակներով։ Թշնամին իր հարուածը իջեցուց նաեւ մեր ժողովուրդի իմացական եւ հոգեւոր բոլոր կենդանի ուժերու ակունքին։ Եղեռնին զոհ գացին մեր նորագոյն գրականութեան եւ ար- ւեստի ջահակիրները եւ շուրջ 4000 հոգեւորականներ։ Ապրող հայու- թեան սիրտին մէջ, շիկացած երկա- թով գրուած սուլթանական Թուր- քիոյ այդ անլուր ոճիրը։ Թրքական գազանաբարոյ կառավարողները – Թալաթ, Էնվէր, Ճեմալ եւ ուրիշներ, կը պահանջէին սպաննել բոլորը։ Միեւնոյնն է. տղամարդ թէ կին, ծեր թէ մանուկ։ Իթթիհատի նպատակն էր բնա- ջընջել ազատասէր հայերը եւ Հա- յաստան անունը վերցնել աշխարհի երեսէն։ Համաշխարհային պատմութեան մէջ ամենածանր ու հրէշաւոր յան- ցագործութիւնը ցեղասպանու- թիւնն էր, երբ ազգային, իթնիկա- կան կամ կրօնական նկատառում- ներով գազանաբար լիովին կամ մասամբ բնաջնջուեցան ժողովուրդ- ներ եւ ազգութիւններ։ Խոցոտեցին բովանդակ հասարակութեան օր- գանական կազմը եւ վտանգեցին աշխարհի խաղաղութիւնը, որու պատմութիւնը դիպուկ արտայայ- տութեամբ «մարդկութեան տա- րեգրութեան մէջ գրուած է արեան ու կրակի հրեղէն լեզուներով»։ Ուժերէս վեր է դիմանալ սար- սուռին, որ հոգիս կը բզկտէ այս պահուս, եւ առանց արցունքի այս տողերը գրի առնել սկսիլ։ Ընթեր- ցողը թող ներէ, թեէ գրիչս պահ մը դնեմ վար ու աչքերս գոցեմ երկիւ- ղած, մինչեւ որ մտքիս առջեւէն կարգով անցնին ուրուականները այնքան .... այնքան եղբայրներու, քոյրերու, մօրս կողմէ հայր, մայր չեմ գիտեր քոյր- եղբայր արդեօ՞ք ունէր։ Մայրս՝ ծնած Խարբերդ, դեռ 1 տարեկան էր, եղերական դրուագ- ներուն ականատես չէր կրնար եղած ըլլալ- զինք տեղափոխած էին որբանոց.... Այն սեւ գիշերը ճիւաղը մեզմէ խլեց եւ որոնք ահա մէկ դար յետոյ ալ մեզի կը ժպտին նոյնքան մտերիմ եւ նոյնքան անուշ, ինչպէս այն տարիներուն, երբ բոլորը լեցուած էին յոյսերով ու տեսիլքներով։ Մէկ դար յետոյ ալ անոնք մեր մէջն են, մեր շուրջն ու մեր հոգիներուն մէջ, ու ճիւաղը, որ զանոնք հնձեց, ինքը չքացաւ ուրուականի մը պէս ...։ Հայերը չէին կրնար մոռնալ ար- եան հեղեղը, չարչարանքները, աք- սորը դէպի անապատ։ Չկայ բառ մը որ այնքան սարսուռ տայ հայուն, քան այդ անունը- Դեր Զօր։ Դեր Զօ- րը կը խորհրդանշէ կարծես հայ ժողովուրդի բովանդակ գողգոթան։ Դեր Զօր դուռն էր Միջագետքի անապատներուն, եւ անկէ կ’անց- նէին որոնք կու գային Անատոլուի զանազան շրջաններէն։Ինչո՞ւ Դեր Զօր կ’երթար հայ ժողովուրդը։ Ջարդուելու համար տե՞ղ կը պակ- սէր Թուրքիոյ մէջ։ Ձորեր ու կիրճեր չկայի՞ն ուրիշ տեղեր, ուր խող- խողուէին հայ քարաւանները. կամ չկայի՞ն գետեր որ հայոց դիակները կուլ տային ու տանէին։ Տեղահանութիւնը եթէ պէտք ունեցաւ Դեր Զօրին, անոր համար էր որ գերմաններն ալ համաձայն էին ատոր։ Հայ ժողովուրդը չէ մոռցած ու չի՛ կրնար մոռնալ ահաւոր եղեռնը, որը սովորական յուշ մը չէ, այլ պատ- մական տարեթիւ- 100-ամեակ։ Ապրող հայութեան սրտին մէջ, շիկացած երկաթով է գրուած սուլ- թանական Թուրքիոյ այդ անլուր ոճիրը։ Մարդկութիւնը չի հանդուր- ժեր մոռացութեան տալ ցեղասպա- նութիւնը։ Մարդկութիւնը չի կրնար իր մա- ռանի մէջ պահել հայապահպանու- թեան ոճիրը եւ պէտք է պատժել յանցաւորները ու վերականգնել արդարութիւնը, որ մնացած է անպատիժ։ Մարդկութիւնը չի կր ն ա ր հաշտուիլ այն բանին հետ, որ ըստ էութեան հայկական եղեռնի ո ւ անոր յանցաւորներուն պատաս- խանատուութեան, պատմա կ ա ն արդարութիւնն ուղղելու չի վերա- բերիր միայն հայ ժողովուրդին. այն միաժամանակ պիտի ըլլայ ամբողջ յառաջադէմ մարդկութեան հոգա- ծութեան առարկան, անոր իմաս- տութեան, խիղճի ու պատուի գոր- ծը։ Չէ՞ որ աշխարհի բոլոր ժո - ղովուրդներուն համար անտանելի ու մերժելի են չարագործութիւննե- րը, անսահմանօրէն թանկ են իրենց անվտանգութիւնն ու բարեկամու- թիւնը, ներկան ու ապագան։ Ցե- ղասպանութիւնը ծանրագոյն ոճիրն էր մարդկութեան ու մարդկայնու- թեան դէմ. ուստի անոր յանցաւոր- ները երբեք արդարացում չունին։ Անոնց վրայ չի կրնար տարածուիլ վաղեմութեան իրաւունքը։ ա յդ լիովին կը վերաբերի նաեւ թուրք յանցաւորներուն, որոնք կազմակեր- պեցին ցեղասպանութիւնը եւ որո- շակի օրինակ տուին հիտլերական- ներուն։ Այսօր ալ աշխարհի կար գ մ ը երկիրներ լիովին պաշտպանեցին ու դատապարտեցին թուրք-բարբա- րոսներու գազանութիւնները Առա- ջին Համաշխարհային Պատերազմի օրերուն։ Այո՛, կատարուեցաւ կատարուե- լիքը ... հայութեան գլխուն վրայ կախուած մեծ աղէտը եկաւ ո ր անցաւ։ Անցաւ 100 տարի ... բայց վիշտը մնաց ու փոխակերպուեցաւ ուժի, կեանքի, ստեղծագործ կամքի, հաւատքի։ Պատմութիւնը մ ե ր ժողովուրդի ճակատին գրած էր ոչ թէ մեռնիլ, այլ ապրիլ եւ վերածնիլ։ Հայ ժողովուրդը երբեք չէ ընկճուած բախտի հարուածներէն եւ գիտակ- ցած է իր նահատակութիւնը վերա- ծել յաղթանակի։ Թշնամին 10 քիլոմեթր հեռաւո- րութեան վրայ կը փորձէ ապրիլեան նոր եղեռնի մէջ խեղդել վ ե ր ջ - նականապէս հայութեան վերջին մնացորդացը՝ շուրջ 700,000 հոգի, որոնց մէջ եւ արեւելահայութիւնը։ Ահաւոր երկունքի մէջ է հայոց աշխարհը։ «Երկնէր երկին, երկնէր երկիր»։ Ամէն կողմ նորէն արիւն, նորէն կո- տորած, թշուառութիւն, մահ, բայց եւ ապրելու վճռականութիւն։ «Ընդ եղեգան փող, բոց ելանէր»։ Հերոսութեան, նահատակութեան ճանապարհի վրայ, թափ կ’առնէ ազգովին վերածնուելու եւ ապրելու վճռականութիւնը։ Ու կը ծնուի նոր Վահագնը մեր արեան ծովէն, մեր նահատակութեան բոցերէն, մեր պայքարէն։ «Եւ ի բոցոյն պատանեկիկն վա- զէր», «հուր հեր» եւ «արեգական աչկունք» ունեցող նորամանուկը՝ Հայաստանը։ Մեր ժողովուրդը գիտէ տառա- պանքը յաղթութեան, իմաստու- թեան, արութեան վերածելու գաղտ- նիքը։ Հայ ժողովուրդը կը գտնէ իր ազգային վերածնութեան ճշմարիտ ուղին, իր պատմութեան ամենա- ծանր պահուն։ Այսօր, եղեռնէն 100 տարի վերջ, պայծառ է վերածնուած մեր ժողովուրդի ներկան, ալ աւելի վառ՝ անոր ապագան։ Այո՛ ի զուր չէ ապրիլեան եղեռնի զոհերու թափած սուրբ արիւնը։ Այսօր նահատակ- ներուն հոյակապ կոթողները կը բարձրանան ամենուր, որպէս ան- հուն վշտի ու կենարար վերածնուն- դի խորհրդանիշ։ Այսօր ալ պատմութեան գիրկը անցաւ 1915 թուականը։ 2015 Ապ- րիլ 24-ին, մեր գլուխները խոնար- հելով բոլոր զոհերու յիշատակին առջեւ, միաժամանակ բաց ճակա- տով ու հպարտութեամբ կը նայինք մեր ժողովուրդի այսօրուայ վերա- ծնունդին, անոր ծաղկող վիճակին հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, ուր մշտապէս կը հանգրուանեն աշխար- հացրիւ հայերը։ Հերոսաբար անցնելով պատմու- թեան քառուղիներով եւ դիմակա- լելով մեծ եղեռնի ահաւոր փորձու- թիւնները, հայ ժողովուրդը դուրս եկաւ ազատ ու երջանիկ կեանքի զարգացման ուղին։ Եղեռն ու վերածնունդ ... Ինչ- պ ի ս ի ՜ հ ա կ ա դ ր ո ւ թ ի ւ ն ո չ մ ի ա յն հասկացութիւններու, այլեւ իրողու- թ ի ւ ն ն ե ր ո ւ ։ Ի հ ա ր կ է ա ռա ջ ի ն ը ա հ ա ւ ո ր չա ր ի ք է, բ ա յց ա ր դ էն անցեալ, եւ խորապէս բերկրալի է որ հայ ժողովուրդն իր մշտահոլով երթը կը կատարէ երկրորդ ուղիով։ Սեդա ԳանտաՀարեան Հոլանտայի խորհրդարանի ներկայացուցիչներու պալատը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ որոշում ընդունեց Ապրիլ 9-ին Հոլանտայի խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատը ձայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ ընդունեց որոշում, ուր կարեւոր կը համարուի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կողմէ իրենց պատմութեան վերա- բերեալ ընդհանուր համաձայնութեան ձեռքբերումը, համոզում յայտնել, որ փոխադարձ ըմբռնումի հասնիլը 1915 թուականի վերաբերեալ անհրա- ժեշտ է երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու յառաջընթացին հա- մար, յոյս կը յայտնուի առ այն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տա- րելիցին նուիրուած ոգոկոչման ձեռնարկները Հոլանտայի եւ այլուր իրենց ներդրումը կը բերեն ներգրաւուած համայնքներու միջեւ յարգանքի ու իրար ընդունման ձեւաւորման, կը յանձնարարուի կառավարութեան, 2004- ի պայմանագիրով ընդունուած Ռաուֆուտի որոշման համահունչ, երկ- կողմանիօրէն եւ ԵՄ ծիրին մէջ շարունակել կոչ ուղղել Թուրքիոյ կառա- վարութեան նոր խթան հաղորդելու Հայաստանի հետ մերձեցման եւ հաշտեցման եզրեր փնտռելու Հայաստանի կառավարութեան հետ: Ինչպէս կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, որոշումը ընդունուած է 127 կողմ եւ 13 դէմ համեմատութեամբ:
  • 8. 8 • ABAKA • LUNDI 20 AVRIL 2015 - MONDAY APRIL 20, 2015 S E C T I O N F R A N Ç A I S E LUNDI 20 AVRIL 2015 Editorial écrit en anglais par Edmond Y. Azadian et publié dans The Armenian Mirror-Spectator en date du 4 avril 2015 Si l'on exclut la légende voulant que les ancêtres de notre héros national, Vartan Mamigonian, ont salué la fa- mille Mamgon en Chine, les relations entre les deux nations ont été à leur meilleur lorsque les commerçants arméniens envoyaient leurs navires marchands et ses marchandises d'Europe vers l'Asie aux 16e et 17e siècles, avant que cette route commer- ciale ne soit reprise par la British East India Company. Les commerçants arméniens de Julfa négociaient entre Venise et les villes d’Extrême-Orient, où ils ont ins- tallé des colonies à Java, Surabaya, Jakarta, Madras, Calcutta, Singapour, Hong Kong et d'autres villes. Il y avait une communauté arménienne active dans la ville chinoise du nord, à Harbin, jusqu’à la prise de pouvoir des communistes, avec à leur tête Mao Tsé Toung qui a expulsé les forces nationa- listes du Kouo-Min-Tang, dirigées par Chang Kai-shek, vers Taiwan. La superficie des deux pays a donné lieu à de nombreuses blagues et anec- dotes. Un exemple : le gouvernement chinois, en apprenant que l'anthropo- logue Margaret Mead avait proposé que les Nations Unies adoptent la langue arménienne comme langue offi- cielle internationale, a envoyé un télé- gramme à l'Arménie demandant 30 millions d'enseignants de langue armé- nienne afin d’enseigner la langue dans les écoles chinoises. Passant de l'humour à la politique, le président Nixon, et son secrétaire d'état Henry Kissinger, n’avaient pas imaginé que la Chine, quand ils ont décidé de jouer leur carte chinoise, deviendrait une figure dominante des affaires mondiales et, au moins sur le plan économique, rendrait les Etats- Unis redevables envers Pékin? À l'époque, l'obsession des capitales occidentales était de contenir à tout prix l'Union soviétique. La carte chi- noise était un atout formidable que l'équipe Nixon-Kissinger a utilisé avec succès, créant une scission entre les deux grandes nations communistes, et conduisant finalement à l'effondre- ment de l'empire soviétique. Ils ont habilité la Chine à devenir l'une des principales forces sur la scène poli- tique multipolaire. Contrairement aux Soviétiques, les Chinois ont utilisé une règle sociale autocratique en économie, et ont amé- lioré le niveau de vie d'un milliard et demi d’habitants. Dans une société socialiste hybride, les milliardaires sont autorisés à réussir alors que l'Etat prêche officiellement l'égalité pour tous. Une fois de plus, à l'échelle inter- nationale, leur politique étrangère n'a jamais été entachée par l'idéologie; ils n’ont jamais essayé d'exporter leur idéologie communiste lors de l'achat de pétrole d'Omar Bashir du Soudan, accusé par l'Occident d'avoir perpétré un génocide, pas plus qu'ils ne condi- tionnent leur pénétration économique de l'Amérique latine. Au contraire, ils ont mené une brève guerre contre leurs parents idéologique, le Vietnam, après l'unification de ce pays déchiré par la guerre. Aujourd'hui, la Chine est l’un des personnages les plus influents du monde. Sa puissance économique croît inexorablement, parallèlement à sa force politique et militaire. Les relations internationales doi- vent être mutuellement avantageuse pour toutes les parties; alors dans quel genre de négociations « donnant-don- nant » sont impliquées dans les rela- tions arméno-chinoises ? La Chine a aidé l'Arménie au développement de son agriculture, mais elle a surtout fourni du matériel militaire si néces- saire. La première visite du président Serge Sargissian à Pékin a reçu les plus grands honneurs. Sa seconde visi- te, en mars, a été toute aussi officielle. On peut penser que l'Arménie, pays minuscule, aurait pu être écrasé par la rivalité des superpuissances, mais jus- qu'à présent, elle a géré sa politique étrangère avec prudence. Il y a quelques mois, lorsque le ministre des Affaires étrangères, Edouard Nalbandian, a effectué une tournée des pays d'Amérique latine, certaines publications de l'opposition ont tenté de ridiculiser sa visite dans cette par- tie du monde, qui a pourtant permis à la Bolivie de se joindre aux pays ayant reconnu le génocide arménien, et a démoli les plans du Mexique qui dédiait un parc public au leadeur azéri Heydar Aliev, tout en générant une quantité énorme de bonne volonté. Incidemment, le Venezuela et le Nicaragua sont les deux pays - plus la Russie - à reconnaitre l'indépendance de l'Abkhazie et de l'Ossétie du Sud. Il est possible que ces pays finissent par reconnaitre l'indépendance du Karabagh (Artzakh) lorsque les condi- tions seront réunies. La politique arménienne vis à vis de la Chine est toute aussi réussie. Compte tenu de l'instabilité politique dans la région et la corruption endé- mique en Arménie, les investisseurs individuels ont jusqu'à présents été plutôt rares. Seul un pays puissant comme la Chine peut prendre le risque d'investir en Arménie. Beaucoup qualifient le voyage de Sargissian en Chine « d’historique » et « d’une percée » en ouvrant des pers- pectives de reprise économique. A la fin du voyage présidentiel, un commu- niqué officiel a été émis, dans lequel les parties s’engageaient à poursuivre des relations « fondées sur le respect mutuel, l'égalité et l'intérêt récip- roque. » L’Arménie a promis de ne pas reconnaitre l'indépendance de Taiwan, car elle considère que l'ile fait partie intégrante de la Chine, tandis que la partie chinoise a accepté de soutenir « le règlement pacifique du conflit du Karabagh sur la base des principes de la Charte des Nations Unies et des normes universelles du droit interna- tional. » Suite à la page 9 Une poignée de main entre David et Goliath Conférence au Biblotheque de la Ville de Montréal “Ani, ville de mille églises” par Azad Chichmanian “Montréal, ville aux cent cloches” par Denis Boucher A l’occasion du 100e anniversaire du Génocide Arménien de 1915, il y a eu lieu, le 2 avril 2015, une conférence à la Grande Bibliothèque de la ville de Montréal. L’architecte Montréalais, Azad Chichmanian, a fait un survol de pho- tos de certaines églises arméniennes à l’ancienne ville, Ani. Ces dernières ont quasi-survécu suite à des invasions des- tructives par les Turcs seldjoukides de Perse et par des Mongols; un tremble- ment de terre au début du 14e siècle a rendu ces églises en ruines. Il a expliqué qu’Ani, la capitale du royaume de l’Arménie au 10e siècle, était située au long d’un axe commer- cial important dans la région Caucase. Cette ville, jadis florissante, avait une influence et concentration de pouvoir notables, tout comme Le Caire et Constantinople. Elle était densément habitée - une des centres de la culture arménienne où l’architecture des églises délabrées nous démontre, néanmoins la richesse de la civilisation arménienne, ses écritures et ses “Khatchkar”. Les Églises St Gregoire de Gorghachene , St Gregoire l’Illuminateur de 10e siècle sont des exemples de certaines églises qui, malgré tous les évènements à travers des siècles, ont survécu et existent encore aujourd’hui, tel que mentionné par l’architecte. Tout en expliquant que les ruines d’Ani se situent présentement en Turquie près de sa frontière fermée avec l’Arménie, Mr, Chichmanian a souligné la volon- té évidente de la Turquie de permettre la détérioration et la décadence de ces sites historiques arméniennes/chrétiennes. L’architecte Denis Boucher, dans le but de faire une parallèle entre Montréal et Ani, a fait référence aux patrimoines religieux dans la Ville de Montréal: “La Ville de 100 Cloches”. La Chapelle de Bonsecours à vieux Montréal (associant au Chateau Ramsay) et la Basilique Notre-Dame et Pierre Grise de Montréal du 19e siècle ont été donnés comme exemples. M. Boucher a parlé de l’évangélisation de Montréal, la forte présence de la religion catholique et la diversité croissante de Montréal. Il a fait savoir que depuis 2003, sept églises avaient été démolies à Montréal et trente-trois vendues à d’autres confessions. Il a également énoncé de la tendance de recyclage des anciens bâtiments de patrimoines religieux, faisant savoir, toutefois qu’à Montréal, il y a une volonté de préserver le cachet historique de ces bâtiments religieux et des efforts ne sont pas épargnés.